2009-11-29 14:10:49

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 29 նոյեմբեր, Գ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 13 գլուխ, 1-9 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 29 նոյեմբեր, Գ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 13 գլուխ, 1-9 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն



1Նոյն ժամանակ մարդիկ եկան եւ պատմեցին Յիսուսի այն Գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս խառնած էր իրենց զոհերու արեան: 2Յիսուս ըսաւ անոնց. ’’Կը կարծե՞ք որ այն Գալիլիացիները աւելի մեղաւոր էին քան միւս բոլոր Գալիլիացիները, որովհետեւ այսպիսի բախտ ունեցան: 3Կ’ըսեմ ձեզի՝ ո՛չ. սակայն եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք: 4’’Եւ կամ այն տասնութ հոգիները որոնց վրայ փլաւ Սելովամի աշտարակը եւ սպաննեց զանոնք, կը կարծէ՞ք որ աւելի մեղաւոր էին քան Երուսաղեմի միւս բնակիչները: 5Ո՛չ, կ’ըսեմ ձեզի. սակայն եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք:’’

6Յիսուս այս առակն ալ պատմեց անոնց. ’’Մարդ մը թզենի մը ունէր տնկուած իր պարտէզին մէջ: Եկաւ անկէ թուզ քաղելու եւ չգտաւ: 7Այգեպանին ըսաւ. ‘Այս երրորդ տարին է որ կու գամ այս թզենիէն պտուղ քաղելոու եւ չեմ գտներ. կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ երկրին ոյժը կը սպառէ’: 8Միւսը պատասխանեց. ‘Տէր, թող զայն այս տարին ալ, մինչեւ որ անոր շուրջը փորեմ, աղբ դնեմ: 9Թերեւս յետագային պտուղ տայ, ապա թէ ոչ տարի մը ետք կը կտրես զայն’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.