2009-11-29 14:11:57

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն
Հայ մեծ երգահան Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած երեկոյ, Վրաստանի մէջ
Վրաստանի մշակութային փոխհամագործակցութեան Կովկասեան տուն կեդրոնին մէջ ամսոյս 12-ին (12 Նոյեմբեր2009ին) կայացած է հայ մեծ երգահան Կոմիտասի 140-ամեակին նուիրուած երեկոյ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Կովկասեան տուն կեդրոնին եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմին կողմէ։ Այս առթիւ խօսք առած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչ Սիլվանեան որ շեշտը դրած է Կոմիտասի անգնահատելի ժառանգութեան, կոմիտասեան ոգիին եւ արժէքներու պահպանման կարեւորութեան վրայ։ Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով կոմիտասեան կատարումներով հանդէս եկած են եկեղեցւոյ երգչախումբը, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սամուէլ Էլբակեան, լարային քառեակը, դաշնակահար Եսայի Աբովեան, ջութակահարներ Գալինա Բանդուրայ եւ Անատոլի Դանիէլեան։
Միշտ Կոմիտասի նուիրուած ձեռնարկներէն յիշենք, Յունաստանի մէջ համերգային ներկայացումը.
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Յունաստանի շրջանային վարչութեան, Կիրակի 29 Նոյեմբեր 2009-ին, Աթէնքի ՜՜ֆիլիփոս Նաքա՝՝ սրահէն ներս տեղի կ՝ունենայ ՜՜Կոմիտասի յաւերժի ճամբորդը՝՝ համերգային ներկայացումը (երգ-նուագ եւ դերասանութիւն) որուն կը մասնակցին Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած ՜՜ԱՆՏՈՒՆԻ՝՝ անուան խումբը։

Յոբելինական երեկոյ նուիրուած՝ Հայ մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանին, անոր ծննդեան 90 ամեակին առիթով
Հայաստանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան ֆիլհարմոնիք համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյ մը նուիրուած՝ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան 90-ամեակին։ Երեկոյթի ընթացքին հնչած են բանաստեղծուհիին ստեղծագործութիւնները, իսկ մտերիմներ յուշեր պատմած են անոր մասին։ ՜՜Սիլվա Կապուտիկեան 21-րդ դարու հայ քնարերգութեան առաջին դասականը կը համարուի՝՝ ըսած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Խօսք առած է բեմադրիչ, փրոֆեսէօր Ռուբէն Մարուխեան եւ յայտնած , որ բանաստեղծները անմահ են, որովհետեւ անոնց խօսքը անմահ է, իսկ խօսքը կամոքէ մարդը եւ կը ներշնչէ ամէնէն վեհ գաղափարներով։
Յոբելենական այս երեկոյին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը՝ Արթուր Պաղտասարեան յղած է ուղերձ մը, որ կարդացած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ քարտուղար Գայիանէ Գասպարեան։
Նշենք, որ լոյս տեսած է Ս. Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւններուն հիման վրայ ստեղծուած երգերու ձայնասկաւառակ մը եւ անոր ստեղծագործութիւնները տպագրուած են չորս գիրքերու մէջ։ Մեծ բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեան 1941-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը, 1950-ին՝ Մոսկուայի Գորկիի անուան գրականութեան հիմնարկին բարձրագոյն դասընթացքը։ Նշենք որ Ս. Կապուտիկեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու։ Ան ունի ռուսերէնով աւելի քան 20 ժողովածու։ Ան արժանացած է Խորհրդային Միութեան պետական, Հայաստանի պետական մրցանակներու ու նաեւ Նոսիտէի անուան միջազգային մրցանակին։ Ս Կապուտիկեան արժանացած է Խորհրդային Միութեան պետական (1952), Հայաստանի պետական (1988), Նոսիտէի անուան միջազգային (1989) մրցանակներուն։ Ս Կապուտիկեան մահացած է 2006-ին՝ 87 տարեկանին։







All the contents on this site are copyrighted ©.