Սրբազան Հայրը, Երեկոյեան ժամասացութեամբ, սկիզբ կու տայ Յիսնակաց ծիսական ժամանակաշրջանին,
ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Յիսնակաց շրջանի առաջին կիրակի
օրուան առթիւ, շաբաթ 28 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը
կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։