2009-11-28 13:37:10

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարար Յասմիկ Պողոսեանի Տեսացկութիւնը՝Իտալիոյ Մշակոյթի Նախարար Սանտրօ Պոնտիի Հետ։


Հայաստանի Մշակոյթի Նախարար Յասմիկ Պողոսեանի Տեսացկութիւնը՝Իտալիոյ Մշակոյթի Նախարար Սանտրօ Պոնտիի Հետ։



Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարար Յասմիկ Պօղոսեան 26 Նոյեմբերին Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ Մշակոյթի նախարար Սանտրօ Պօնտիի հետ։ Հանդիպումի ընթացքին Իտալիոյ Մշակոյթի նախարարը հաստատեց Իտալիոյ յանձնառումը Նորոգութեանց մարզէն ներս որ արդէն Հայաստանի մէջ սկիզբ առած է ներկայութեամբը զանազան արհեստավարժերու որոնք կ՝աշխատին՝որմանկարներու, յուշարձաններու եւ գրչագիրներու վերարժեւորումով շնորհիւ նաեւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գործակցութեան։ ։ Մշակութային համագործացկութիւնը երկու երկիրներու միջեւ պիտի ամրապնդուի ի տես՝ 1512ին Վէնէտիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտի տպարանը տպագրուած առաջին գրքի հինգհարիւրամեակի տօնակատարութեան որ տեղի պիտի ունենայ 2012ին., հատորը ՝՝Որբաթագիրք՝՝ որ Աւետարանի հատուածներու ու աղօթքներու հաւաքածոյ մըն է։ Իտալացի նախարարը իր հայ պաշտօնակից Պողոսեանին խոստացաւ գործացկիլ Հայ Կառավարութեան հետ ձեռնարկի լաւագոյն յաջողութեանը համար որ տեղի պիտի ունենայ իտալիոյ մէջ, տրամադրելի ընելով միաժամանակ պատշաճ հանդիսավայր մը որ պիտի հիւրընկալէ հաւանական ցուցահանդէսները, ընդունելութիւնները ու հաւաքոյթները ։։








All the contents on this site are copyrighted ©.