2009-11-28 13:42:16

Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն

պատրաստեց Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէքեան։

Կիրակի 30 Նոյեմբեր, 2009 Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք՚ (Ղուկաս 13, 1-9)


Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածութիւն

պատրաստեց Յովսէփ Ծ. Վ. Քէլէքեան։

Կիրակի 30 Նոյեմբեր, 2009 Երրորդ Կիրակի Յիսնակաց Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք՚ (Ղուկաս 13, 1-9)

Ապաշխարանքը Քրիստոսի պատգամներուն մէջ երկրորդ տեղը կը գրաւէ, սիրոյ ու համերաշխութեան պատգամէն ետք։ Ապաշխարանքի կարեւորութիւնը կապուած է արքայութեան քարոզութեան հետ եւ որեւէ քայլ մը չառած` Աստուծոյ արքայութեան ուղիէն, մարդ պէտք է մաքրէ իր հոգին ապաշխարութեամբ։

Մարդիկ կը կարծեն թէ կրնան ապրիլ իրենց ուզածին պէս այս աշխարհի վրայ եւ օրին մէկը` երբ մեկնին այս աշխարհէն, Աստուած զիրենք գրկաբաց պիտի ընդունի երկնքի արքայութեան մէջ։ Կ՛ուզեն հանգստաւէտ կեանք մը ապրիլ, առանց որեւէ դժուարութեան եւ խոչընդոտի, առանց ջանքի եւ յոգնութեան։

Ուրիշներ կը մտածեն թէ ապաշխարանքը միայն մեծ մեղաւորներուն համար եղած է եւ թէ սովորական մարդիկ պէտք չունին այդքան իրենք զիրենք մահացուցնելու եւ իրենց անձը նեղութեան մատնելու. Կը բաւէ իրենց առօրեայ պարտականութիւնները խղճով կատարել եւ ծանր յանցանքներ չգործել։

Սակայն Քրիստոսի խօսքը շատ յստակ է. Ամէնքս ալ պէտք ունինք ապաշխարելու. Եթէ ոչ կրնանք ամէնքս ալ կորուստի մատնուիլ։ Թզենիի առակին մէջ կ՛երեւի յստակօրէն թէ Տէրը ինչ վճռակամութեամբ կը հրամայէ կտրել եւ արմատախիլ ընել անպտուղ ծառը. Իսկ պարտիզպանը կ՛առաջարկէ աղբ դնել եւ յօտել աւելորդ ճիւղերը – ինչ որ խորհրդանիշն է ապաշխարանքի, հոգեւոր կեանքի մէջ – որպէսզի ծառը պտղատու դառնայ եւ խուսափի ոչնչացումէ։

Բնական աղէտները – երկրաշարժները, հրաբուխները - արուեստական աղէտները – պատերազմները, արկածները – կը թողուն զոհեր, երբեմն հարիւրաւոր, երբեմն ալ բիւրաւոր. Այդ զոհերուն մեծամասնութիւնը որեւէ յանցանք չունի յաճախ, անոր համար ալ կը գանգատինք թէ ինչու՞ անոնք մեռան։

Աստուծոյ կամքը մենք չենք կարող հասկնալ այս աշխարհի վրայ, ասոր համար` հարկ է որ ընդունինք խոնարհութեամբ մեր տգիտութիւնը, նկատի առնելով թէ ինչ որ պատահեցաւ ուրիշներու, կրնար մեզի ալ պատահիլ, ճիշդ ինչպէս որ կ՛ըսէ Յիսուս. Միթէ՞ այդ զոհերը աւելի յանցաւոր են քան մենք. Անշուշտ ոչ, բայց եթէ չապաշխարենք, նոյնպէս մենք ալ պիտի կորսուինք։

Ուստի այդ բոլոր մարդկային աղէտներէն քաղելիք մեր դասը այն է որ պարտինք ապաշխարել. Անոնց մահը մեզ պէտք է ոչ թէ վախցնէ, այլ` քաջալերէ ապաշխարանք կատարելու մեր հոգիներու փրկութեան ի նպաստ։

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ ապաշխարանքը. Նախ եւ առաջ` զղջում է մեր գործած բոլոր յանցանքներուն վրայ, նոյնիսկ եթէ անոնք փոքր են. Ապա` անոնց քաւութեան համար զանազան կերպերով հատուցում տալու է. Աղօթքով, բարեգործութեամբ, ինքզինք կամաւորապէս զրկելով զանազան բարիքներէ ու զուարճութիւններէ, եւն։

Ի վերջոյ ապաշխարութիւնը մեզ կը մղէ նոյնիսկ աւելի եղբայրասէր ըլլալու եւ օգտակար դառնալու մեզ շրջապատող անձերուն. Ապաշխարութեամբ կրնանք սրբացնել մենք մեզ եւ յառաջացնել առաքինութիւններու մէջ, զգուշանալով ամէն տեսակ մոլութենէ, որ կրնայ դէպի մեղք առաջնորդել։

Ապաշխարութեան պտուղները պէտք է որ յայտնի ըլլան, ճիշդ ինչպէս որ ծառի մը վրայ կը տեսնուին պտուղները։ Սրբակեաց անձ մը արտաքինով արդէն յայտնի կ՛ըլլայ, որովհետեւ իր աչքերուն մէջ կը ցոլայ Աստուծոյ սէրը։ Խնդրենք մեծ սուրբերէն, որոնք եղան նաեւ մեծ ապաշխարողներ, շնորհքը հաճոյ պտուղներ ընծայելու Տիրոջ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.