2009-11-28 13:42:57

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ԳՈՊԱՅԱԹ(Լիբանան) ։ Գոպայաթի կարմեղեաններու նախկին վանքը, հիւսիսային լիբանանի մէջ,որու բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ է,այժմ հոն սոյն վանքը պիտի դառնայ կաթողիկէ հոգեւորութեան կեդրոն մը , բանալով իր դռները աշխարհականներու առջեւ։ Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Լիբանանի բոկոտն Կարմեղեաններու մեծաւոր Հայր Ռայմոնտ Ապտօ-ի,որ կը վայելէ նիւթական աջակցութիւնը ՝՝Օգնութիւն Տառապող եկեղեցիին՝՝ կոչուած կաթողիկէ ծանօթ բարեգործական մարմնին,որ արդէն տրամադրած է 40 հազար էուրօ նախկին վանքի ու դպրոցական շէնքերու վերաշինութեան համար որոնք Ութհարիւր թուականներուն շինուած են։ Վերաշինութեան ընթացքին նախատեսուած են՝ մատուռ մը, բանախօսւթեանց կեդրոն մը.ժողովներու սրահ մը,ապա երկու սեղանատուն եւ ննջարան մը։ ՝՝Գոպայաթի այս նոր կեդրոնին համար ,կրնանք աշխատիլ, շնորհիւ ՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ բարեգործական մարմին (ըսած է հայր Ռայմոնտ Ապտօ) յայտնելով իր շնորհակալութիւնը եւ յիշեցնելով որ Լիբանանը սոյն բարեգործական մարմին համար առաջնահերթ երկիրներէն մին է,արդարեւ ՝՝Օգնութիւն Տառապող Եկեղեցիին՝՝ բարեգործականը անցեալ տարի Լիբանանի եկեղեցիին նուիրած է 290 հազար Էուրօ։ Գոպայաթի նախաձեռնութիւնը պիտի կիրարկուի նաեւ Հազմիյէյի մէջ,Պէյրութէն քիչ մը դուրս,ուր հինգ տարիէ ի վեր հարիւրաւոր աշխարհականներ ,ընդ որս բազմաթիւ երիտասարդներ,կարմեղեան կրօնաւորներէն կը ստանան կրօնուսուցում եւ կարմեղեան հոգեւորութեան դասընթացք։Պէյրութի եւ Գոպայաթի այս կեդրոնները կ՝ուզեն ըլլալ զօրաւոր պատասխան մը՝ արտագաղթին որ կը բնորոշէ լիբանանի քրիստոնեայ հասարակութիւնը։



Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն ։ Սեյշելեան Կղզիներ։

Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՝երաշխաւորէ կրօնական ազատութեան լրիւ ճանաչում, բայց կրօնական դաւանանքները ու քաղաքական խումբերը չեն կրնար Ռատիոյկայան ունենալ։ Սեյշելեան Կղզիներու բնակիչները կը հաշուեն 85.000,անոնց հարիւրէն 96,9 տոկոսը քրիստոնեաներ իսկ մնացած հարիւրէն 3,1 տոկոսը այլ դաւանանքերու պատկանողներ։ Կղզիի 72.000 բնակիչները կաթողիկէ են, անոնք ունին եկեղեցական գաւառ մը եւ նաեւ Եպիսկոպոս մը,ապա ունին տեղաբնակ մէկ քահանայով 14 Ժողովրդապետութիւններ ու այլ 3 Ժողովրդապետութիւններ առանց քահանայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.