2009-11-27 13:48:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Ուրբաթ` 27 նոյեմբեր 2009,, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի արեւմտեան եկեղեցական գաւառի խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Շաբաթ օրը, Նորին Սրբութիւնը կ'ընդունի Չիլիի նախագահը` տիկին Միշէլ Պաշլէ եւ Արխենթինայի հանրապետութեան նախագահը Տիկին Քրիստինա Ֆերնարտէս տէ Քիրշնէր, երկու երկիրներու միջեւ 25 տարի առաջ ստորագրուած խաղաղութեան ու բարեկամութեան դաշնագրին տարեդարձին առթիւ։ Այս դաշնագիրը ստորագրուեցաւ շնորհիւ՝ Ս. Աթոռի միջամտութեան որով փրկուեցան երկու երկիրներու ժողովուրդները արիւնալի պատերազմէն։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ։

Աստուածաբանական Միջազգային Յանձնախումբին լիանիստ ժողովը վատիկան։

Յառաջիկայ նոյեմբեր 30 էն մինչեւ 4 դեկտեմբեր, Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Աստուածաբանական Միջազգային Յանձնախումբին լիանիստ հնգամեայ ժողովը, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Ուլիամ Լեվատայի, կառավարիչը՝ հաւատոյ Ժողովի եւ առաջնորդութեամբ՝ տոմենիքեան հայր Շառես Մորերոդի, ընդհանուր քարտուղարը հաւատոյ ժողովի։

Վերոյիշեալ յանձախումբը այս տարի կը տօնախմբէ իր ստեղծումին 40րդ տարեդարձը որ կատարուած էր երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Քահանայապետի կողմէ։ Աստուածաբանական Միջազգային Յանձնախումբին լիանիստ ժողովին մասնակցողները համապատարագ պիտի մատուցանեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ առաքելական պալատին մէջ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Վիէթնամի յոբելենական տարւոյն առթիւ։

Անցեալ երեքշաբթի օրը, պաշտօնապէս հռչակուեցաւ Վիէթնամի յոբելենական տարին Հանոյի արքեպիսկոպոսական թեմի Սօ Քիէնի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը բացայայտէ Վիէթնամի յոբելենական տարւոյն նիւէը ''Վերարծածել Աւետարանի քարոզութիւնը Վիէթնամին մէջ'' եւ աշխատիլ կերտել արդար, զօրավիգ եւ անկողմնակալ ընկերութիւն մը։ Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ Վիէթնամի հաւատացեալները, որ յաճախ ենթարկուած են այլազան հալածանքներու, որ իրենց քրիստոնէական հաւատքը ապրին քաջութեամբ ու յոյսով, յարատեւօրէն փառաբանելով Աստուծոյ մեծվայելչութիւնը ու Հաւատքի գեղեցկութիւնը Քրիստոսի մէջ, միշտ ներշնչուելով եւ օրինակ ունենալով՝ նահատակներու լուսաւոր օրինակը։ Յոբելենական տարին, կը բացայայտէ Սրբազան Հայրը, շնորհքի ժամանակ է, նպաստաւոր՝ հաշտուելու Աստուծոյ ու մերձաւորին հետ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ Լա Վանկի Տիրամօր բարեխօսութիւնը, ամէն օր աղօթելով վիէթնամցի բոլոր հաւատացեալներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.