2009-11-27 13:49:43

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայաստան-
Երուանդ Քոչարի ծննդեան 110 ամեակին առթիւ յոբելենական ցուցահանդէս եւ գիտաժողով։ Այս տարին կարելի է նկատել Երուանդ Քոչարի տարի, որովհետեւ կամբողջանայ արուեստագէտին ծննդեան 110-ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ Սասունցի Դաւիթ, Մելանխոլիա արձաններու 50 եւ թանգարանի հիմնադրման 25 տարին։ Երուանդ Քոչարի թանգարանի տնօրէն Լալա Քոչարը նշած է որ արդէն իսկ ստեղծուած է յոբելենական յանձնախումբ մը, որ պիտի նախապատրաստէ Երուանդ Քոչարին նուիրուած յոբելենական ցուցահանդէս եւ գիտաժողով մը։ Քաղաքապետարանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան համագործակցութեամբ, արդէն իսկ սկսած են Սասունցի Դաւիթ արձանի վերականգնման աշխատանքները։ Լալա Քոչար յայտնած է նաեւ որ, կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ այլ ձեռնարկներ, որոնց նպատակն է հասարակութեան ուշադրութիւնը բեւեռել քոչարեանական այլ գլուխ-գործոցներու վրայ։ Թանգարանին հիմնադրման 25-ամեակին առիթով յուշամետալներ եւ պատուոյ գիրեր պիտի շնորհուին թանգարանի ստեղծման աշխատանքներուն մէջ էական ներդրում ունեցողներուն։ Յայտնենք, որ տեղի պիտի ունենայ Երուանդ Քոչարի կայքէջին շնորհահանդէսը եւս։
Ի դէպ ՝ հրատարակութեան պատրաստ են 2 գիրքեր՝ Երուանդ Քոչարի կենսամատենագրութիւնը (1918-2007)՝ հեղինակութեամբ Ռիմա Հայրապետեանի, եւ Մաեսթրօ/Քոչարը յուշերի անդրադարձում յուշագրութիւնը, որ կազմած են Անատոլի Յովհաննիսեան եւ Լալա Քոչար։

Պոլիս - Արաս հրատարակչատունէն նոր գիրքեր լոյս կը տեսնեն
Պոլսոյ Արաս հրատարակչատունը վերջերս հրատարակեց Մկրտիչ Մարկոսեանի նոր մէկ գիրքը՝ Զուռնա խորագրով, որ Ակօս շաբաթաթերթին մէջ 1996-1999ի միջեւ գրի առնուածներէն փունջ մըն է, ուր վկան կը դառնանք պատմութեան։
Արասէն լոյս տեսաւ նաեւ Գարին Գարագաշլըի բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ Պէնիմ կէօնլիւմ կիւմիւշ խորագրով։ Այս գիրքը հեղինակի առաջին չափածոյ հրատարակութիւնն է։ Միշտ Արասէն, լոյս ընծայուած է Տարաբախտ Աղաւնի գիրքը, որ Սիվասի Սուշէհրի գաւառի Փիւրք գիւղի բնակիչ Աղաւնի Նորշէնի կեանքը պատմելով, նոյն պահուն հաղորդած կըլլայ 1915ի աղէտի ողբերգութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.