2009-11-26 14:22:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւՎատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։
Հինգշաբթի 26 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հարաւային գաւառէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, հինգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ‘‘գաղթականութեան’’ մասին պատգամին մամլոյ ներկայացումը։
Ի պատրաստութիւն Գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային 96-րդ օրուան , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է միջազգային հասարակութեան, ունենալով որպէս նիւթ. ''անչափահաս գաղթականներն ու փախստականները''։ Ուրբաթ,27 Նոյեմբերին Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կը կատարուի Սրբազան քահանայապետին Պատգամին։ Ներկայացումը կը կատարէ գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ` նախագահը գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդի հովուութեան։ Այդ առթիւ լրագրողներուն պիտի յանձնուի Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։

Ս. Աթոռէն պատուիրակութիւն մը Իստանպուլ կը մեկնի մասնակցելու Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնախմբութեան։
Յառաջիկայ 30 նոյեմբերին` տօնն է Անդրէաս առաքեալին’ պաշտպան սուրբը Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան, վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւն մը Իստանպուլ կը մեկնի մասնակցելու տօնախմբութեան։ Վատիկանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ կարտինալ Քասպեր, նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Կարտինալը Բարդողոմիոս Ա պատրիարքին պիտի յանձնէ Սրբազան Քահանայապետին մէկ պատգամը։ Երեքշաբթի դեկտեմբեր մէկին նախատեսուած է երկկողմանի խօսակցութիւնները Ս. Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան միջեւ։
Յայտնենք թէ այդ այցելութիւնը օրթոտոքս Եկեղեցւոյ կողմէ կը փոխանակուի, ամէն տարի, 29 յունիսին, U. Պետրոս առաքելապետի տօնին օրը։

Հինգշաբթի նոյեմբեր 26, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ'ունենայ ներկայացումը քահանայապետական մշակոյթի քահանայապետական յանձնախումբի հիմնադրութեան 20րդ տարեդարձի առթիւ ։ Մամլոյ ներկայացումը կը կատարեն գերապայծառ Ռավազին` նախագահը մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի եւ փրոֆեսոր Պուրանելլի քարտուղարը վերոյիշեալ խորհուրդին։ Այս առթիւ ուսման օր կը կատարուի, այսօր` հինգշաբթի օրը։ Հանդիպումին բացումը կը կատարէ վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, ողջոյնի խօսքը ուղղելով մասնակցողներուն։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.