2009-11-26 14:24:30

Հորիզոն շաբաթաթերթը Քանատայի վարչապետին յատուկ պատուոյ գիրին արժանացած ։


Հորիզոն շաբաթաթերթը Քանատայի վարչապետին յատուկ պատուոյ գիրին արժանացած ։
Այս տարի իր 30-ամեակը նշող քանատահայութեան Հորիզոն շաբաթաթերթը արժանացած է Քանատայի վարչապետին յատուկ պատուոյ գիրին։ Քանատայի փոքրամասնութիւններու հրատարակութիւններու արդէն աւանդական դարձած տարեկան հաւաքին ընթացքին, վարչապետ Սթիվըն Հարփըր այդ երկրի 15 համայնքային թերթերուն շարքին Հորիզոնի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանին յանձնած է տարեկան բացառիկ մրցանակը։
Յայտնենք, որ Վ Գարագաշեան ընտրուած է Քանատայի հրատարակութիւնները միաւորող մամլոյ խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան պատուաւոր անդամ։
Ռ Վ հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հորիզոնի խմբագրական կազմը ու տնօրէնը հայ մամուլի միջոցաւ հայապահպանման ի խնդիր տարած աշխատանքին համար մաղթելով առաւել յաջողութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.