2009-11-26 12:39:07

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԿԻՊՐՈՍԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ։ ՝՝Ֆայնենշըլ Միրըր՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ եւ Կիպրոսի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՏԻՔՕ) նախագահ Մարիոս Կարոյեան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։ Թերթը կը յայտնէ նաեւ, որ Մարիոս Կարոյեան զուգահեռներ գծած է՝ հայ ժողովուրդի պայքարը համեմատելով այն պայքարին հետ, զոր կը տանին կիպրացիները՝ ազատագրելու համար կղզիի հիւսիսային հատուածը, որ շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր թրքական ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած է։

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԴՐԱԿԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺԸ։
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նատալիա Թիմաքովա կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Տիմիթրի Մետվետեւ եւ Իլհամ Ալիեւ մանրամասն քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացը։ Իլհամ Ալիեւը ռուս իր պաշտօնակիցը մանրամասն կերպով տեղեակ պահած է Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Միւնիխի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ իր ունեցած հերթական հանդիպումին արդիւնքներուն մասին։ Նատալիա Թիմաքովա կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ նախագահը ողջունած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործընթացի դրական տեղաշարժը եւ իր գործընկերոջ ապահոված որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հասնելու համար Մոսկուան հետագային եւս պիտի ներդրէ իր ուժերը։

ՀՅԴ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ։
23-24 նոյեմբերին, Տոմինիքեան Հանրապետութեան մայրաքաղաք Սանթօ Տոմինկոյի մէջ գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդի ժողովը՝ հիւրընկալութեամբ Տոմինիքեան յեղափոխական կուսակցութեան։ ՀՅԴաշնակցութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի մօտ ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի համանախագահ Մարիօ Նալպանտեան։Ժողովի բացման խօսքը արտասանեցին Տոմինիքեան յեղափոխական կուսակցութեան ղեկավար Միկել Վարկաս Մոլտոնատօ եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ ու Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէու։

ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ-ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՉԷ։
Թրքական ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկին յայտնած է, որ առայժմ ծրագրուած չէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ, ուր 1-2 դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ։ Միւս կողմէ թրքական ՝՝ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ՝՝ օրաթերթը կը տեղեկացնէ որ թրքական պետութիւնը, որ նախապէս չէր արտօներ, որ հայկական, յունական եւ հրէական ծագումով իր քաղաքացիները հասնին կարեւոր պաշտօններու, այդ հարցով պատմական քայլ մը կը պատրաստէ։ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով գործի պիտի ընդունի հայկական ծագումով թուրք քաղաքացի մը՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան մասնագէտ։ Օրաթերթը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութեան հարցերով ընդհանուր քարտուղարութեան պաշտօնատարները հարցազրոյց պիտի ունենան Լէօ Սուրեն Հալեփլիի հետ, որ ընտրութեան առաջին հանգրուանէն յաջողութեամբ անցած է։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.