2009-11-25 13:15:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 25 նոյեմմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուՆ, Պօղոս Զ.ի անուան սրահը։
Սրբազան Հայրը, իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց խօսելով ՜՜Միջին դարու մեծ աստուածաբաններու՝՝ մասին, եւ այսօրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին մասնաւորապէս խօսեցաւ Հիւկ եւ Ռիշար Սան Վիքթոր երկու աստուածաբաններու մասին որոնց աստուածաբանութիւնը յատկանշուեցաւ տրամաբանութեան եւ հաւատքի միջեւ կապով։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօրուայ խորհրդածութիւնս կ'ուզեմ կեդրոնացնել ՜՜Միջին դարու եկեղեցական մեծ մտաւորականներէն Հիւկ եւ Ռիշար Սան Վիքթոր երկու աստուածաբաններուն՝՝ վրայ, որոնց Աւետարանի քարոզութիւնը հիմնուած էր տրամաբանութեան ու հաւատքի սերտ կապի վրայ։ Վերոյիշեալ երկու աստուածաբանները ապրեցան ԺԲ. դարուն Փարիզի Սան Վիքթոր աբբայարանը։ Հիւկ իր գրութիւններու մէջ բազում անգամներ կը խօսի տրամաբանութեան ու հաւատքի մասին, ինչպէս նաեւ գիտութեան ու աստուածաբանութեան միջեւ կապերու մասին։
Հիւկին համար, գիտութիւնները արդէն իրենց մէջ կը ներփակեն ՜՜արժէքներ՝՝ որ հարկաւոր է մշակել ,ընդլայնելու՝ մարդու գիտութիւնը ու գոհացնելու՝ ՜՜ճշմարտութիւնը ճանչնալու՝՝ բաղձանքը՝՝։
Աստուած ճանչնալու համար, հարկ սկսիլ ճանչնալ այն ինչ որ յայտնուած է Ս. Գիրքին մէջ։
Հիւկի Աստուածաբանական տեսութեան պատմութիւնը ի յայտ կը դնէ Աստուծոյ փրկարար միջամտութիւնը, պահելով հանդերձ մարդու ազատութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։
Իսկ Ռիշարը եղաւ աշակերտը Հիւկին։ Ան եւս մեծ կարեւորութիւն կու տար Ս. Գիրքի ուսումնասիրութեան։ Մտածականը արդիւնքն է դժուար ճանապարհի մը, որ կ'ենթադրէ երկխօսութիւն՝ հաւատքի ու տրամաբանութեան միջեւ։ Աստուածաբանութիւնը կը հիմնուի ՜՜հաւատքի վրայ հիմնուած ճշմարտութիւններու՝՝ վրայ, սակայն միաժամանակ կ'աշխատի խորացնել ճանաչումը, գործածելով՝ տրամաբանութիւնը։
Հիւկ եւ Ռիշար կը բարձրացնեն մեր միտքը, մտածել տալով երկնային իրադրութիւններու մասին։ Մտածումը, հիացումն ու փառաբանութիւնը, Ամենասուրբ Երրորդութեան կու տայ անսահման ուրախութիւն մը։ Մենք եւս կանչուած ենք ապրելու հետեւելով աստուածային Երեք Անձերու օրինակին, ուր ամէն մէկը ոչ միայն կ'ապրի ուրիշին հետ, այլ անոր հետ եւ անով։
Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ իրենց ուխտագնացութիւնը Հռոմ – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը- օժանդակէ խորացնելու ձեր ճանաչումը Աստուծոյ մասին Հայր, Որդի եւ Ս. Հոգիի մասին ու աճեցնէ ձեր սէրը Եկեղեցւոյ հանդէպ։ Թող Աստուած օրհնէ ամէնքդ։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը ուզեց յատուկէն ողջունել Լիբանանի Թելէ Լիւմիէր-Նուրսադ հեռուստատեսիլի անձնակազմը քաջալերելով զանոնք որ վեհանձնութեամբ շարունակեն կատարել իրենց առաքելութիւնը ի սպաս ՜՜Աւետարանի, խաղաղութեան ու Լիբանանի ու շրջանի հաշտութեան՝՝։ Ձեզի ու ձեր բոլոր ունկնդիրներուն իմ առաքելական օրհնութիւնս կու տամ։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով որ յառաջիկայ կիրակի օրը լատին եկեղեցւոյ համար կը սկսի Յիսնակաց ծիսական շրջանը ի պատրաստութիւն Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։  







All the contents on this site are copyrighted ©.