2009-11-25 13:30:03

Էջ մը հայ գրականութենէն Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (18401892).
Հայոց խօսքն ու գիրը, հաւատքն ու ազատութիւնը պաշտամունքի արժանացուցած Մեծ Հայը


Էջ մը հայ գրականութենէն Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց (18401892).
Հայոց խօսքն ու գիրը, հաւատքն ու ազատութիւնը պաշտամունքի արժանացուցած Մեծ Հայը

17 Նոյեմբերին 169 տարի առաջ ծնած եւ նոյնպէս Նոյեմբեր 17ին, 117 տարի առաջ, վախճանած է հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներու համաստեղութեան մէջ իր բարձրադիր պատուանդանը նուաճած երախտաշատ այս հոգեւորականը՝ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցը։
Բանասէր էր ու բանահաւաք, որ կորուստէ փրկեց հայ հոգեմտաւոր հարստութեան անփոխարինելի գոհարները՝ ողջ Հայաստան աշխարհը շրջելով եւ մեր ժողովուրդի շրթներէն լսելով ու արձանագրելով սերունդէ սերունդ փոխանցուած ու բանաւոր պահպանուած ստեղծագործութիւնները։
Անձնդիր հասարակական գործիչ էր ոչ միայն հոգեւորականի իր բոլորանուէր ու անբասիր ծառայութեամբ, այլեւ՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ ազգային գաղափարախօսութեան տարածիչ, իբրեւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան առաջին դրօշակիրներէն մէկը։
Գրական եւ հրապարակախօսական իր առաջին գործերն ու յօդուածները լոյս տեսան Խրիմեանի Արծուի Վասպուրականի հանդէսին մէջ, որուն խմբագրի տեղակալի պաշտօնը վարեց իր ուսուցչի կողքին։ Իսկ երբ 1860ականներուն Խրիմեան անցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, Գարեգին Սրուանձտեանց դարձեալ կանգնեցաւ անոր կողքին՝ Արծուիկ Տարօնոյ թերթի խմբագրութեան եւ վանքի մէջ ուսուցչութեան նուիրուելով։
Սրուանձտեանց, դեռ կուսակրօն չդարձած, կարեւոր ներդրում ունեցաւ հայկական գաւառներուն մէջ ազգային վարժարաններու հիմնումին մէջ։ 1866ին լոյս ընծայեց հայերէնի Նոր Ընթերցարան դասագիրքը, որ մինչեւ 1880ականներու վերջերը օգտագործուեցաւ ազգային վարժարաններու կողմէ։ 1867ին, Կարնոյ մէջ, վարդապետ ձեռնադրուեցաւ եւ իբրեւ ազգային յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած ու մտաւորական հարուստ պաշարի տէր երիտասարդ հոգեւորական՝ քարոզիչի առաքելութեամբ շրջեցաւ ու գործեց Վանի, Մուշի եւ Կարնոյ մէջ։ 1872ին, Վանի մէջ իր ծառայութեան շրջանին, Սրուանձտեանց հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Միութիւն ի փրկութիւն անունով ազգային ազատագրական խմբակի ստեղծման մէջ։ Գարեգին Սրուանձտեանցի ազգային հասարակական եւ գրականբանահաւաքման գործունէութիւնը մեծ ոստում արձանագրեց 1878ի Պերլինի Վեհաժողովէն յետոյ, երբ իբրեւ յատուկ նուիրակ շրջեցաւ հայկական նահանգները՝ ազգաբնակչութեան վիճակագրական ճշգրիտ պատկերը կազմելու եւ հայոց ինքնավարութեան պահանջը հիմնաւորելու պատասխանատու առաքելութեամբ։
Կարճատեւ կեանք վիճակուեցաւ Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանցին։ 52 տարեկանին բաբախելէ առյաւէտ դադրեցաւ սիրտը Մեծ Հայուն, որ իր ջանասիրութեամբ եւ անձնուիրումով՝ կեանքի այդ կարճ ժամանակը բազմապատիկ աւելիով իմաստաւորեց ու արդիւնաւորեց։
Գրական բանասիրական իր վաստակը հաւաքուած է Մանանա, Համով Հոտով, Գրոց Բրոց, Թորոս Աղբար, Հնոց Նորոց եւ այլ անուններով տասնեակաւոր հատորներու մէջ։
Սրուանձտեանց մեծարժէք ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային մեծ դիւցազնավէպը՝ Սասունցի Դաւիթը գրի առնելու եւ կորուստէ փրկելու գործին մէջ։ Իրեն կը պատկանի դիւցազնավէպի առաջին գրաւոր տարբերակին մշակումը՝ Մհերի Դուռ խորագրով,
Թէ՛ իր ժամանակակիցներուն եւ թէ հետագայ քննադատներու վկայութեամբ, Գարեգին Սրուանձտեանց իր անունին կապեց կոթողական ժառանգութիւն, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ 19րդ դարավերջի հայ գրողներուն համար։ Իրմով նոր դարաշրջան բացուեցաւ աշխարհաբարի եւ գրական աշխարհայեացքի հայացման առումով։ Եթէ մինչ այդ եւրոպականացման ճիգը տիրական էր թէ՛ հայերէնի մշակման եւ թէ ազգային հայրենասիրական ապրումներու գեղարուեստականացման մէջ, Սրուանձտեանցով սկսաւ հայրենի հողին ու մարդուն հարազատութեամբ առաջնորդուելու մօտեցումը, որուն արգասիքը եղան հայ գեղապաշտ գրականութեան հետագայ նուաճումները։
Հայկական առակներն ու առածները, հեքիաթներն ու դիւցազնապատումները, ազգային հայրենասիրական երգերն ու տենչերը Սրուանձտեանց քաղեց իր ժողովուրդին շրթներէն, իր սրտին ու մտքին հնոցով մշակեց եւ յղկեց զանոնք եւ, ամէնէն կարեւորը, հարազատօրէն ժառանգ յանձնեց մեր սերունդներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.