2009-11-25 12:36:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՄԽԻԹԱՐ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐ։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 նոյեմբերի հրամանագիրով Գէորգ Պետրոսեանը ազատ կացուցած է Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնէն։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահի մէկ այլ հրամանագիրով՝ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար նշանակուած է Մխիթար Մնացականեան։
ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ Կ՝ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԻ ՄԻՒՆԻԽԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին յայտարարեց որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ Միւնիխի մէջ կայացած բանակցութիւնները հարթ եւ դիւրին չեն եղած, սակայն որոշ հարցերու շուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է։ Ըստ Նալբանդեանի, կողմերը յաջողած են պահպանել դրական միտումները՝ արձանագրուած վերջին մէկուկէս տարուան մէջ նախագահներու ութ հանդիպումներուն ընթացքին։ Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր հանդիպումէ ետք Երեւանի եւ Պաքուի յայտարարութիւնները կը հակասեն զիրար, Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստանի յայտարարութիւնները նախագահներու հանդիպումներէն ետք համահունչ են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, այսինքն՝ կը համապատասխանեն իրականութեան։
ՆԻՔՈԼԱՅ ՊՈՐՏԻՒԺԱ ԴԷՄ՝ ՌԱԶՄԱՏԵՆՉ ՈՐԵՒԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա ամբողջովին դէմ է պատերազմի վերսկսման վերաբերող որեւէ յայտարարութեան։ Ան այս հաստատումը կատարած է 24 նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ անդրադառնալով Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ կատարուած ռազմատենչ յայտարարութիւններուն։ Ես աւելի քան համոզուած եմ, որ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ եւրոպական անվտանգութեան վերաբերող պայմանագիրի ստորագրութիւնը ճիշդ ատենին կատարուեցաւ եւ անիկա շատ կարեւոր է(յայտնած է Պորտիւժա) աւելցնելով, որ պայմանագիրը կը բացառէ ուժային ձեւերով որեւէ քաղաքական հարցի լուծում։ Երէկ Պորտիւժա հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ զայն պարգեւատրած է Հայաստանի բարձրագոյն պետական պարգեւ Պատուոյ շքանշանով։
ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԻՐ ՏԱՐԱԾՔԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ։ Ղազախստանի արտաքին գործոց փոխնախագահ Քոնսթանթին Ժիկալով 20 նոյեմբերին պետական կառավարման կատարելագործման նուիրուած գիտաժողովի ընթացքին յայտարարած է, որ Ղազախստան պատրաստ է տրամադրելու իր տարածքը ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններու համար։ Մենք դրական կը գնահատենք Ռուսիոյ դաշնակցութեան, յատկապէս՝ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի միջնորդական ջանքերը։ Մասնաւորապէս, Ռուսիոյ միջնորդութեան շնորհիւ կարելի դարձաւ բարձրագոյն մակարդակով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումներու շարք մը կայացնել(ըսած է ան)նկատելով, որ Ղազախստան իր կարգին մտադիր է աշխուժ դեր խաղալ այդ ուղղութեամբ։

Վրաստան Կը Խոստանայ Վերականգնել Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին ։
Կազմակերպութեամբ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին, հայաստանեան շարք մը համալսարաններու եւ Ժողովրդական կուսակցութեան՝ «Միթէ՞ դուք քրիստոնեայ չէք», «Դադարեցրէք մշակութային ցեղասպանութիւնը» գրութեամբ պաստառներով Նոյեմբեր 24ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է բողոքի ցոյց մը, որ աւարտած է Հայաստանի մէջ գործող Վրաստանի դեսպանատան մօտ։ Ցոյցին առիթ հանդիսացած էր Նոյեմբեր 19ին Թիֆլիսի մէջ հայկական Մուղնիի Սուրբ Գէւորգ եկեղեցիին փլուզումը։ Ցոյցի մասնակիցները բարձրախօսով պահանջած են դադրեցնել սպիտակ եղեռնը, իրաւաբանական կարգավիճակ տրամադրել Վիրահայոց թեմին եւ վերադարձնել հայկական 6 եկեղեցիները:Վրաստանի դեսպանը ընդունած է ցուցարարներու ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները եւ խոստացած՝ անոնց մտահոգութիւններն ու պահանջները փոխանցել Թիֆլիս: Միւս կողմէ ըստ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան՝ ի պատասխան նախարար Յասմիկ  Պօղոսեանին դիմումին, Վրաստանի մշակոյթի, յուշարձաններու պահպանութեան եւ մարմնամարզի նախարար Նիկոլոզ Ռուռուային պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու եկեղեցւոյ վերականգնման հարցի լուծման:Մշակոյթի նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տուած տեղեկութիւններով՝ Նոյեմբեր 25ին նախարարութեան վերականգնող ճարտարագէտը կը մեկնի Վրաստան՝ նախագծային աշխատանքներուն մասնակցելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.