2009-11-24 13:33:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը
Երկուշաբթի 23 Նոյեմբեր 2009-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Քուէյթի վարչապետը՝ շէյխ Նասէր Մոհամմատ ալ Ահմատ ալ Սապահ եւ անոր շքախումբը։ Քուէյթի վարչապետը ապա տեսակցութիւն ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէյի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։
Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, (կը կարդանք Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ) վերակոչուեցան Ս. Աթոռի եւ Քուէթի միջեւ բարեկամական աւելի քան 40-ամեայ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խօսակցութեան նիւթ եղաւ ՜՜Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու միջկրօնական երկխօսութիւնը՝՝ ։ Նոյնպէս ընդգծուեցաւ Քուէյթի քրիստոնեայ փոքր հասարակութեան նպաստը Քուէթի ընկերութեան բարգաւաճումին ու բարրօրութեան, յատկապէս շեշտը դրուեցաւ քրիստոնեայ հասարակութեան հովուական պահանջներուն նիւթին վրայ։
Վատիկան-
Վատիկանի ''Մէկ Սիրտ'' բարեսիրական մարմնի նախագահ՝ կարտինալ Փօլ Ժոզէֆ Գորտէսի այցելութիւնը Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։
Ընդառաջելով Աւստրալիոյ եկեղեցւոյ հրաւէրին, կարտինալ Փօլ Ժոզէֆ Գորտէս Աւստրալիա կը գտնուի. նոյեմբեր 22-29, հանդիպումներ ունենալու Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներուն հետ։
Այցելութեան նպատակն է, զօրացնել կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եղբայրօգնութեան վկայութիւնը։ Կարտինալ Գորտէս հանդիպումներուն ընթացքին մասնաւորապէս իր խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Աստուած սէր է'' շրջաբերական թուղթի վրայ, հիմնուելով՝ տեղական եկեղեցիներու փորձառութիւններու վրայ։
Նոյնպէս կարտինալ Գորտէս Աւստրալիոյ զանազան քաղաքներ կատարած այցելութիւններուն, հանդիպում կ'ունենայ կեղերին ու աշխարհական զանազան եղբայրութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, բացայայտելու եղբայրօգնութեան զանազան երեւոյթները։ Կարտինալ Գորտէս նաեւ դասախօսութիւն մը պիտի տայ կաթողիկէ համալսարանի մէջ հետեւեալ նիւթին մասին. ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Աստուած սէր է' շրջաբերական թուղթը՝՝։

Յիսնակաց եկեղեցական Ծիսական շրջանը –
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Երեկոյեան ժամասացութեամբ սկիզբ կու տայ Յիսնակաց Եկեղեցական Ծիսական Շրջանին, ի պատրաստութիւն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։
Յիսնակաց շրջանի առաջին կիրակի օրուան առթիւ, շաբաթ 28 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը նախագահէ երեկոյեան ժամասացութիւնը Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.