2009-11-24 13:34:56

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հռոմի հայ գաղութի ՜՜Զարթօնք՝՝ Տիկնանց յանձնախումբի ձեռնարկը։

Ուրբաթ 20 Նոյեմբեր 2009, Հռոմի հայ գաղութի ՜՜Զարթօնք՝՝ Տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպած էր երեկոյթ մը ՜՜ Gambero Armeno-ն՝՝, ձեռնարկ մը, որ հայկական համադամներու ու ճաշատեսակներու միջոցաւ կը ծանօթացնէ հայ եւ հայկական խոհանոցը ու անոր կապ աւանդական մշակոյթը, հայու ճաշակն ու կենցաղը նաեւ պատմութիւնը...

Հանդիպումին գլխաւոր հերոսը ՜՜ՂԱՓԱՄԱՆ՝՝ եղած էր որ բոլորին ծանօթ ՜՜հէյ ջան ղափամա՝՝ երգի ընկերակցութեամբ մուտք գործեց Հռոմի Մալոյեան մշակութային կեդրոնի սրահէն ներս՝ գեղեցիկ պատկեր մը ներկայացնելով։

Ապա ՜՜Զարթօնքի՝՝ անձնակազմէն տիկին Նուարդ Գրիգորեան խօսեցաւ սոյն ճաշի անցեալի ու պատրաստութեան կերպին մասին, որմէ ետք ներկաները ճաշակեցին տեղւոյն վրայ եփուած ղափաման...

Հռոմի Մալոյեան մշակութային կեդրոնի սրահը հայկականութիւն կը բուրէր այդ գիշեր իր Եռագոյնը կրող սեղանով, ծածկոցով եւ դրօշակներով։

Երեկոյթի աւարտին ներկաներուն բաշխուեցաւ գեղեցիկ ձեւով պատրաստուած՝ գունաւոր թռուցիկ մը ՜՜ղաբամայի՝՝ ու անոր պատրստութեան կերպի ու նաեւ խօսք մը հայ խոհանոցի մասին։

Հայադրոշմ երեկոյթին ընթացքին ներկաները նաեւ ճաշակեցին այլ համադամներ եւ անուշեղէններ։



ԿԱՐԿԱՉ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՒ ԱՅԳ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ԵԼՈՅԹ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Լիբանանէն Համազգայինի Կարկաչ մանկապատանեկան եւ Այգ երիտասարդական երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը ելոյթ ունեցան Կիպրոսի մէջ ։ 99 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան կընկերակցէր երգչախումբերու խմբավար Զաքար Քէշիշեան եւ նուագակցող Կամիլա Քէշիշեան, ինչպէս նաեւ՝ վարչական պատասխանատուներ։

Լառնաքայի մէջ շրջապտոյտ մը ունենալէ ետք, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Լառնաքայի քաղաքապետ Անտրէաս Մոյսէոսի, նախագահութեամբ հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, տեղւոյն քաղաքապետական թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարկաչ եւ Այգ երգչախումբերուն ելոյթը։

Էֆի Մահտեսեան բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ելոյթը շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ Կարկաչն ու Այգը սփիւռքի մէջ հիմնական երգչախումբերէն են. եւ յոյս յայտնեց, որ կարկաչականները կը շարունակեն կարկաչել՝ պահպանելու համար մշակութային ժառանգութիւնը։

Ապա շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղի ատենապետ Ատուր Գարակիւլեան։ Ան ըսաւ, թէ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբը պէտք է հանդիսանայ՝ որոնելու համար լիբանանահայութեան եւ կիպրահայութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխատանքներ ու միջոցառումներ։

Յայտագիրը կ՝ընդգրկէր հայկական երաժշտական ստեղծագործործութիւնները իսկ վերջին երգը՝ ՜՜Կենաց երգը՝՝ միասնաբար երգեցին երկու երգչախումբերն ու նուագախումբը։ Այս առիթով խմբավար Զաքար Քէշիշեան յիշատակի նուէրներ յանձնեց Համազգայինի Կիպրոսի Օշական մասնաճիւղին։










All the contents on this site are copyrighted ©.