2009-11-24 13:33:34

Ժան Մարի Վիաննէ – Սատանայութիւններ


Քահանայական տարի - Ժան Մարի Վիաննէ – Սատանայութիւններ



Ժան Մարի Վիաննէ 1823ի երեկոյեան ժամը 9ի ատենները կը լսէ որ քահանայատան դուռը ամուր կը զարնեն։ Կը բանայ անոր նայող պատուհանը եւ կը տեսնէ որ մէկը չկայ։ Ժամը 11ի ատեն նոյն աղմուկը կը կրկնուի։ Վար կ'իջնէ. ոչ ոք կայ։ Ներս կը մտնէ եւ դուռը կը կղպէ։ Յաջորդ գիշեր նոյն աղմուկը կը սկսի։ Հաւանաբար , կը խորհի, գողերը կ'ուզեն տիրանալ եկեղեցւոյ ճոխ զարդեղեններուն, զորս կոմսը ղրկած է։ Կը դիմէ գիւղի քանի մը երիտասարդներուն որ պահպանեն առաջնորդարանը։ Առաջինը Անտրէ Վիշերն է, որ ահա այպէս կը պատմէ.

-''Գիշերը գալուն, առաջնորդարան մտայ եւ մինչեւ ժամը 10ը կը խօսէի վարդապետին հետ ու կը տաքնայի։ Ապա գացի պառկեցայ ինծի համար պատրաստուած սենեակը։ ժամը 1ի մօտերը լսեցի վարի դրան կղպանքներուն ուժով աղմուկը։ Միեւնոյն ատեն լախտի հարուածներ կը լսուէին եւ անոնց ձայնը կը դողացնէր ամբողջ քահանայատունը։ Անիկողինէս վար ցատկեցի, հրացանս առի եւ դռնակը բացի, տեսնելու համար եղածը։ Ոչինչ տեսայ։ Աղմուկը շարունակեց, նուազ ուժգին, բայց տունին մէկ ուրիշ կողմը։ Ժխորը որքան ատեն որ տեւեց, այսինքն շուրջ հինգ վայրկեան, բոլոր տունը կը ցնցուէր։ Ոտքերս կը դողային եւ ես 8ը օր ջղագրգիռ մնացի։

Հազիւ աղմուկը սկսած, վարդապետը լապտեր մը ձեռքը մօտս եկաւ եւ ըսաւ.

-Լսեցի՞ր աղմուկը։

-Այո՛, հարկաւ, բացի դռնակը եւ ոչինչ տեսայ։

-Լաւ, հիմա գնա՛ պառկէ։

Ըսածն ըրի եւ անկէ անդին բան չըսի։''

Յաջորդ օրը խնդրեց երիտասարդէն որ դարձեալ գար, բայց անիկա պատասխանեց.

-Վարդապետ, այսքանը կը բաւէ ինծի համար։

Երկու ուրիշներ կու գան, գիշերը հոն կ'անցնեն, բայց հանգիստ կը քնանան, մինդեռ քահանան կ'արթննայ սոսկալի աղմուկէն։

Գիշեր մը կը ձիւնէ։ Ձայները դարձեալ կը խանգարէն ժողովրդապետին քունը եւ յաջորդ առտու կը տեսնէ որ ձիւնով ծածկուած բակը ոեւէ ոտքի հետք չկայ։

-Ասիկա մտածել տուաւ Վիաննէի, -կը պատմէ Գաթերին Լազան,- թէ գողերը չէին ձայն հանողը, այլ սատանան, որ կ'ուզէր սարսափեցնել զինքը։ Այն ատեն տուն ղրկեց պահակները եւ ապաւինեցաւ Աստուծոյ օգնութեան։ Ամբողջ 1824 տարին ամէն գիշեր արթնցաւ կոտոշաւորի աղմուկներէն։ ։

Աւելի ուշ, եպիսկոպոսին առջեւ հաստատեց.

-Սկիզբը կը վախնայի, յետոյ վարժուեցայ. Աստուծոյ կը դառնամ եւ խաչի նշանը կ'ընեմ եւ քանի մը արհամարական խօսքեր կը նետեմ իրեն։

Իսկ տնեցիներուն հետեւեալ ձեւով կ'արտայայտուի.

-Սատանան չար է, բայ շատ ապուշ։ Երբ բարկանայ, լաւ նշան է։ Ես վարժուեցայ. Գիտեմ որ բան չի կրնար ընել առան Աստուծոյ հրամանին։

Եւ կոտոշաւորը ծաղրանքի առարկայ կը դառնայ իրեն համար։ Ապաշխարողի մը, որ վերջնական դարձի չի գար, կ'ըսէ.

-Ո՜հ, սիրելիս, սատանան ամենուն միեւնոյն ձեւով չի ներկայանար։ Ինծի կը ներկայանայ տգեղ, իսկ քեզի կը ներկայանայ միշտ գեղեցիկ կերպարանքով։

Օր մը Վոլթերի գաղափարներով սնած մարդ մը հեգնական շեշտովկ'ըսէ.

-Կ'ըսեն թէ դուն սատանան կը տեսնես։

-Այո, այս վայրկեանիս ալ կը տեսնեմ, -կը պատասխանէ անմիջապէս մեր բարի վարդապետը։

Նման զուարթախոհ արտայայտութիւններ ցոյց կու տան թէ ինք մեծ կարեւորութիւն չէր տար սատանայի խաղերուն։ Այդ շրջանին այսպէս խօսեցաւ.

Օրուան մէջ չարչարուած էի մարդոցմէ, իսկ գիշերը սատանայէն, բայց խոր խաղաղութիւն կը վայելէի սրտիս մէջ։

Ինչ որ կ'երեւէ ժողովուրդը աւելի վախցաւ այդ երեւոյթներէն, քան ինքը. Եւ յայտնի է որ առանց ուզելու շատ մը երեւակայական պատկերներ գծագրեցին սատանայի այս խաղերուն վրայ։ Տարիներու ընթացքին մեղմացան այս փորձութիւնները եւ 1825ին հաւանաբար բոլորովին դադրեցան։

Տէր Վիաննէ այսպէս կ'եզրակացնէ այս երեւոյթներու շարանը.

-Աստուած հայրիկը շատ աւելի բարի է, քան սատանան` չար։ Ինքն է իմ պաշտպանս։ Ինչ որ Աստուած կը պաշտպանէ, լաւ պաշտպանած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.