2009-11-24 12:28:14

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։ ։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։ ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի Բանախօսութիւնը ու Նախարարի Դիւանագիտական Տեսակցութիւնները Հռոմի մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Եդուարդ Նալպանտեան երկուշաբթի 23 Նոյեմբերին բանախօսեց Հռոմի մէջ,Հռոմի Ծերակոյտի ՝՝Գաբիթոլարէ՝՝ սրահը, որու բոլոր աթոռները գրաւուած էին ներկայ հոծ բազմութեան կողմէ, յատկապէս աչքառու էր մեծ թիւով համալսարանականներու ներկայութիւնը, ապա քաղաքագէտներ,մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Իտալիոյ մօտ նորանշանակ Դեսպանը Վսեմաշուք Ռուբեն Կարապետեան որու ընկերակցութեամբ պատմական սրահէն ներս մուտք գործեց յարգարժան հիւրը։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի բանախօսութեան նիւթը եղաւ ՝՝Հայաստանի Արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Մարտահրաւէրները Կովկասի մարզէն ներս՝՝։ Պարոն Նախարարը անգլերէնով՝ կատարեց իր միջամտութիւնը ու նաեւ անգլերէնով տեղի ունեցան բանախօսութեան աւարտին կատարուած հարցումները։ Հայստանի արտաքին Գործոց Նախարարի տուած այս բանախօսութիւնը տեղի ունեցաւ ՝՝Իտալիա-Հայաստան Բարեկամութեան Միջ Խորհրդարանական Խումբի ՝՝ նախաձեռնութեամբ։ Միշտ երէկ յետ միջօրէին Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը տեսակցեցաւ Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար ֆրանքօ ֆրաթթինիի հետ. այս տեսացկութիւնը տեղի ունեցաւ արդէն մեկնարկը տրուած եւ ժամանակէ մը ի վեր առաջնորդուած ուղեգիծէ ներս՝ խորացնելու եւ ճոխացնելու համար իտալիա-հայաստան յարաբերութիւնները։ Երկկողմանի յարաբերութիւնները արծարծելու դիտաւորութեամբ երկու նախարարները ստորագրեցին Յիշատակագիր մը բարձր մակարդակի քաղաքական խորհրդակցութիւններու մասին եւ Համաձայնութիւն մը տնտեսական Գործակցութեան մասին։ Նախարար ֆրաթթինի ապահովեց Նախարար Նալպանտեանը որ յառաջիկայ տարուայ առաջին կիսամեակին պիտի այցելէ Հայաստանը։ Այս տեսակցութենէն ետք Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ Ծերակոյտի Արտաքին Գործոց Յանձնախումբի նախագահ ծերակուտական Լամպերթօ Տինիի հետ։ Խօսակիցները մաղթանք յայտնեցին ամրապնդելու նաեւ տնտեսական յարաբերութիւնները Իտալիոյ եւ Հայաստանի միջեւ,ընդգծելով միաժամանակ յարաբերութիւններու դրական զարգացումը Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ու նաեւ Հայաստանի վճռական դերը Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման գծով։

Սարգսեան - Ալիեւ հանդիպումը կայացաւ Միւնիխի մէջ։
Միւնիխի մէջ, Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական՝ այս տարուայ ընթացքին արդէն վեցերորդ հանդիպումը, ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման շուրջ։ Բանակցութիւնները շարունակուեցան մօտ չորս ժամ։ Հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն համար յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի միջնորդները, նշելով, թէ խնդրի քննարկումը անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ եւ առաջին անգամ ըլլալով քննարկուած են հարցեր, որոնց մասին նախապէս անդրադարձներ չէին կատարուած։ ։ Բանակցութիւններու նախօրեակին, անցեալ Ուրբաթ օր, Ատրպէյճանի նախաահը հանդէս եկած էր, փորձագէտներու գնահատականով, անհեթեթ յայտարարութեամբ մը, նշելով, թէ վճռորոշ կը համարէ միւնխենեան հանդիպումը։ Ատրպէյճանի առաջնորդի այս յայտարարութեան անդրադարձ կատարուած է շարք մը արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ, որոնք շարունակ կը կրկնէին այդ, երբ կանդրադառնային երկու նախագահներու հանդիպումին։ ։
ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա Երեւան կը գտնուի։ ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանը կը տեղեկացնէ, որ մինչեւ 25 նոյեմբեր շարունակուելիք աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Պորտիւժա պիտի հանդիպի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեանին հետ ։ Պորտիւժա պիտի մասնակցի նաեւ ՝՝հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը՝ իբրեւ Կովկասեան շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանութեան գործօն՝՝ նիւթով այսօր տեղի ունենալիք կլոր սեղանին։

ՀՀ ԱԺ նախագահը ընդունած է Լեհաստանի բարձրագոյն վերահսկիչ
պալատի Նախագահ Եացէք Եաժիերսքին։

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Եւրոպական երկիրներու բարձրագոյն վերահսկիչ մարմիններու կազմակերպութեան (EUROSAI) նախագահ, Լեհաստանի բարձրագոյն վերահսկիչ պալատի նախագահ Եացեք Եաժիերսքին։ ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ թէ ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը Պարոն Աբրահամեան կարեւորած է Լեհաստանի բարձրագոյն վերահսկիչ պալատի նախագահի այցը Հայաստան, յատկապէս հայ-լեհական երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական կառոյցներու գործունէութեան մեր երկրի մասնակցութեան տեսանկիւնէ։
Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.