2009-11-23 13:20:53

Սուրբ Վարդարանի անունը կրող միաբանութեան հիմնադրուհին Մարի Ալֆոնսին Տանիէլ Կաթթաս՝ Երանուհի Հռչակուեցաւ։


Սուրբ Վարդարանի անունը կրող միաբանութեան հիմնադրուհին Մարի Ալֆոնսին Տանիէլ Կաթթաս՝ Երանուհի Հռչակուեցաւ։



Կիրակի օրը Նազարէթի Աւետման Տաճարին մէջ կայացած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին,գլխաւորութեամբը Երուսաղէմի լատիններու Պատրիարք ֆուատ Թըվալի Խորաններու պատւոյն բարձրացաւ Մարի Ալֆոնսին Տանիէլ Կաթթաս կրօնաւորուհին՝որ հիմնած է Սուրբ Վարդարանի անուան Միաբանութիւնը։ Երանացման արարողութեան ներկայ եղաւ որպէս ներկայացուցիչ՝ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի՝ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթօ։ Մարի Ալֆոնսին կը ծնի Երուսաղէմ 1843ին եւ 14 տարեկանին արդէն նորընծայ է Երեւումի Սուրբ Յովսէփի Միաբանութիւնը եւ ուր կը կատարէ իր մշտնջենական ուխտերը 1862ին,եւ Բեթղեհէմի դպրոցի մը մէջ անմիջապէս կը սկսի դասաւանդել կրօնագիտութիւն, ջերմագին գործունէութեամբ մը յառաջացնելով Սուրբ Վարդարանի աղօթքի տարածումը։ Ամենասուրբ Կոյսի մէկէ աւելի երեւումները կրօնաւորուհհին մէջ կը յարուցանէ նախաձեռնութիւնը հիմնելու Միաբանութիւն մը որ նուիրուի Սուրբ Վարդարանի աղօթքին եւ մասնաւորապէս ուղղուած ըլլայ՝ Սուրբ երկրի քրիստոնեայ օրիորդներուն։ 1880ին է որ սկիզբ կուտայ խումբ մը նորընծաներով իր ապագայ միաբանութեան Հայր Եոզէֆ Դաննուս Եամինէ-ի հոգեւոր ուղղութեամբ ։ Շատ մը դժուարութիւններէ ետք 1885ին հիմնադրուհին եւ իր ութը միաբանակից քոյրերը կը կատարեն իրենց մշտնջենական ուխտերը ի ներկայութեան՝Լատիններու Պատրիարք Գերապայծառ Վինսէնթ Պրաքքոյի։ Յետագայի տարիները կ՝ըլլան առաքելական ուժեղ յանձնառումի տարիներ Եաֆֆա,Պէյթ-Սահուր,Սալթ եւ Նապլուսի մէջ կը հիմնուին դպրոցներ եւ կազմաւորումի կեդրոններ աղջիկներու համար։1893ին Մայր Ալֆոնսին Բեթղեհէմի մէջ (ուր կը մնայ 15 տարի) կը հիմնէ արհեստավարժութեան աշխատանոց մը աղքատ աղջիկներուն կարենալ օգնելու համար։ Ապա Երուսաղէմ, Մայր Տուն կը կանչուի, եւ հոն 1917ին իրեն կը տրուի Որբանոց մը բանալու պաշտօնը Աին Գարէմի մէջ,իր կեանքի այս նոր հանգրուանին իր ամբողջ էութեամբը կը նուիրուի Սուրբ Վարդարանի աղօթքին,եւ արդէն աղօթած պահուն է որ կը վախճանի 1927ին։ Մայր Մարի-Ալֆոնիսնի հիմնած Միաբանութիւնը այսօր կը հաշուէ 260 կրօնաւորուհիներ ներկայ՝

Լիբանանի,Յորդանանի,Սուրիոյ,Սուրբ երկրի,Եգիպտոսսի,Արաբական Էմիրութեան,Գուվայթի եւ Հռոմի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.