2009-11-23 13:17:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 23 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
Քուէյթի վարչապետը՝ շէյխ Նասէր Մոհամմատ ալ Ահմատ ալ Սապահ եւ անոր շքախումբը։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլի եկեղեցական հարաւային գաւառի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

վատիկանեան տեղեկութիւններ
Կիրակի օրը, կէսօրին՝ Սրբազան Քահանայապետը կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին յիշեցուց թէ Նազարէթի մէջ, կիրակի օրը, տեղի ունեցաւ երանացումը կրօնաւորուհի՝ Մարի Ալֆոնսին Տանիլ Ղաթթասի, ձեռամբ Ս. Երկրի լատիններու պատրիարք գերերջանիկ Թուալի։
Նոր երանուհին ծնած էր Երուսաղէմ 1843ին, 18 զաւակ ունեցող քրիստոնեայ ընտանիքի մէջ։ Կանուխ հասակին ան ընտրեց կրօնաւորական կեանքը, հակառակ ծնողքին ընդդիմութեան։
Ան հիմնեց կրօնաւորական իգական միաբանութիւնը, կազմուած տեղացի կիներէ, ունենալով որպէս կէտնպատակ կրօնուսուցումը ու կիներու դաստիարակութիւնը յաղթահարելու՝անգրագիտութիւնը, որուն զոհ էր ժամանակի իգական սեռը ու բարձրացնելու՝ կնոջ արժանաւորութիւնը, այն վայրին մէջ ուր Յիսուս մեծարած էր կնոջ դերն ու կոչումը ընկերութեան մէջ։
Նոր երանուհիին հոգեւորութեան կորիզը եղաւ ջերմ բարեպաշտութիւնը ամենասուրբ Կոյս Մարիամին հանդէպ` լուսաւոր օրինակ կեանքի մը բոլորովին նուիրուած Աստուծոյ։ Ան յարատեւօրէն կ'աղօթէր Ս. վարդարանը, որ իրեն համար եղաւ փրկութեան լաստ ու աղբիւր շնորհքի։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Մարի Ալֆոնսին Տանիլ Ղաթթասի երանացումը մեծ քաջալերանք ու մխիթարութիւն է Ս. Երկրի կաթողիկէ հասարակութեան համար ու հրաւէր` միշտ վստահելու, անխախտ յոյսով, Աստուածային Նախախնամութեան ու Տիրամօր Մայրական Պաշտպանութեան։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ շաբաթ օրը, Եկեղեցին ոգեկոչեց Ս. Կոյս Մարիամի տաճար նուիրումի յիշատակը։ Այս օրը նուիրուած է փակեալ վանականներուն։ Այս բարեպատեհ առիթէն կ'օգտուիմ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, սիրալիր ողջոյնս ուղղելու փակեալ վանականներուն ու կը հրաւիրեմ քրիստոնեայ հասարակութիւնը որ օգնութեան հասնի անոնց կարիքներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. հրապարակաւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Վատիկան ապրող փակեալ կրօնաւորուհիներուն։ Ձեր աղօթքը, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, շատ կարեւոր է իմ առաքելութեանս համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.