2009-11-23 13:44:18

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի Բանախօսութիւնը Հռոմի մէջ։


 Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի Բանախօսութիւնը Հռոմի մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարը Եդուարդ Նալպանտեան երկուշաբթի 23 Նոյեմբերին բանախօսեց Հռոմի մէջ,Հռոմի Ծերա կոյտի Գաբիթոլարէ սրահը, որու բոլոր աթոռները գրաւուած էին ներկայ հոծ բազմութեան կողմէ, յատկապէս աչքառու էր մեծ թիւով համալսարանականներու ներկայութիւնը, ապա քաղաքագէտներ,մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան Իտալիոյ մօտ նորանշանակ Դեսպանը Վսեմաշուք Ռուբեն Կարապետեան որու ընկերակցութեամբ պատմական սրահէն ներս մուտք գործեց յարգարժան հիւրը։ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի բանախօսութեան նիւթը եղաւ ՝՝Հայաստանի Արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Մարտահրաւէրները Կովկասի մարզէն ներս՝՝։ Պարոն Նախարարը անգլերէնով՝ կատարեց իր միջամտութիւնը ու նաեւ անգլերէնով տեղի ունեցան բանախօսութեան աւարտին կատարուած հարցումները։ Հայստանի արտաքին Գործոց Նախարարի տուած այս բախաօսութիւնը տեղի ունեցաւ ՝՝Իտալիա-Հայաստան Բարեկամութեան Միջ Խորհրդարանական Խումբի ՝՝ նախաձեռնութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.