2009-11-23 12:54:07

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 23 Նոյեմբերէն Կիրակի 29 Նոյեմբեր 2009։


Երկուշաբթի 23 Նոյեմբերին տօնն է Յուլիանէ եւ Վասիլուհի կոյսերուն

Սրբուհի Յուլիանէն, բնիկ Նիկոմիդացի՝ դուստրն էր Ափրիկիանոս մեծ իշխանին, որ հեթանոս էր եւ կ՝ուզէր ամուսնացնել զինք Ելեւսիոս եպարքոսի հետ։ Յուլիանէն որ իր հօրմէն գաղտնի ընդունած էր քրիստոնէութիւնը, մերժեց հեթանոսի մը կին ըլլալ։ Այն ատեն՝ Յուլիանէի հայրը եւ իր փեսայ ընտրած՝ Ելեւսիոսը, միասին՝ իրենց ցասումին առարկայ կ՝ընեն կոյսը, ամենասաստիկ տանջանքներու ենթարկելով զինք։ Ապա զինք գլխատել կու տան։ Սրբուհիին նշխարները կ՝ամփոփէ Սոփիա անունով բարեպաշտ տիկին մը։

Իսկ Վասիլուհին ինք եւս բնիկ Նիկոմիդացի եւ փոքր տարիքին քրիստոնեայ եղած է եւ այս իր ընտրութեան համար սաստիկ կերպով չարչարուած։ Զինք չարչարած է Դիոկղետիանոս կայսեր նշանակած՝ դատաւորը քանի որ համարձակօրէն դաւանած էր քրիստոսի աստուածութիւնը ու նզոված կուռքերը։

Երբ Վասիլուհին գազաններու առջեւ նետեցին, գազանները իրենք չուզեցին այս անմեղ անձին վրայ յարձակիլ, եւ ինք ազատ ու անվնաս դուրս ելաւ բոլոր չարչարանքներէն ու ապրեցաւ ճգնողական կեանք մը. եւ առ Աստուած վերափոխուեցաւ մաքուր սրբութեամբ 309 թուականին։

Երեքշաբթի 24 Նոյեմբերին տօնն է Յակոբ եւ Շմաւոն առաքեալներուն։

Յակոբոս եւ Շմաւոն առաքեալներուն անունները լոկ կը յիշուին Աւետարաններու մէջ եւ իրենց մասին ոչ մէկ միջադէպ պատմուած է։ Յակոբոս ծանօթ է Ալփեան կամ կրտսեր Յակոբոս անունով։ Ան Աւետարանը տարած կը նկատուի Պաղեստինի հարաւային ծովերզերքի շրջանը եւ Եգիպտոս , ուր եւս, կը կարծուի նահատակուած ըլլալ։ Իսկ Շմաւոն կամ Սիոն, ծանօթ է Աւետարանին մէջ կանանացի նախանձայոյզ մակդիրով։ Նահատակուած կը նկատուի Պարսկաստանի մէջ։

Հինգշաբթի 26 Նոյեմբերին տօնն է Կղեմէս հայրապետի, Բագարատ եպիսկոպոսի եւ Գրիգոր Ակրագանդակացիի։

Ս. Կղեմէս Հայրապետը Գ. յաջորդն է Պետրոս առաքեալի։ Ան նշանաւոր է եկեղեցական պատմութեան մէջ իբրեւ առաջինը՝ Առաքելական Հայրեր անունով ծանօթ՝ մատենագիրներու փաղանգին։

Իր միակ եւ անվիճելի գործը կը նկատուի Կորնթոսի եկեղեցիին 96 թուին գրած կարեւոր մէկ նամակը։

Ս. Կղեմէս հանուած է Դոմետիանոս հալածիչ կայսեր առջեւ, ուր քաջաբար խոստովանած է Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով ենթարկուած է ծանր տանջանքներուն։ Ի վերջոյ ծովամոյն մահուամբ վերջ տրուած էր իր կեանքին հաւանաբար 100 թուականին։

Իսկ Բագարատ եպիսկոպոսը որուն տօնը կը յիշատակուի Ս. Կղեմէս հայրապետին հետ կը ներկայացուի իբրեւ առաջին եպիսկոպոսը Սիկիլիոյ Թաօրմինա քաղաքին։ Ծնած է Անտիոք եւ աշակերտած Պետրոս առաքեալի, որուն կողմէ կը ձեռնադրուի եւ կը ղրկուի Սիկիլիա։ Նախ քաղաքագլուխը դարձի կը բերէ ու ապա անոր աջակցութեամբ ամբողջ քաղաքը եւ կարեւոր մէկ մասը Սիկիլիոյ, եւ կը ճանչցուի անոր ՜՜Լուսաւորիչը՝՝։ Վկայաբանութիւնները արտասովոր մանրամասնութիւններ կը պարունակեն կուռքերը կործանելու եւ աւետարանը քարոզելու համար իր ունեցած գործունէութեան շուրջ։ Ի վերջոյ սակայն, զոհ գացած է հին կրօնքէն շահաւորուած դասակարգերուն եւ մոլեռանդ խուժանին վրէժխնդրութեան քանի որ օր մը իր աղօթած պահուն զինք միայնակ գտնելով իր վրայ յարձակած ու սպաննած են զինք։

Գալով Գրիգոր Ակրագանդացիի որուն տօնը եւս կը յիշատակուի հինգշաբթի 26 Նոյեմբերին, ծնած է Ակրագանդայի շրջանը, հարուստ ծնողքէ։

Ութը տարեկանին տեղւոյն եպիսկոպոսի խնամքին ու կրթութեան կը յանձնուի։ 12 տարեկանին խզումն հերաց կարգը կը ստանայ։ Մեծ յաջողութեամբ կը տիրանայ սրբազան գիտութեանց ու առաքինութեանց։ 18 տարեկանին Երուսաղէմ կ՝այցելէ ուր տեղւոյն եպիսկոպոսը զինք սարկաւագ կը ձեռնադրէ։

Ապա Հռոմ ուխտագնացութիւն կը կատարէ Պետրոս ու Պօղոս առաքեալներու գերեզմանին, աստուածային նախախնամութեամբ 30 տարեկանին Հռոմ զինք եպիսկոպոս կ՝օծէ Ակրագանդայի թեմին։

Իր երկու կղերականներէն լկտութեամբ կ՝ամբաստանուի ու Հռոմի եկեղեցական ատեանը երկու տարուայ բանտարկութեան կ՝ենթարկէ զինք ապա ազատ կ՝արձակուի երբ իր անմեղութիւնը կը փաստուի, ու իր թեմը կը վերագրաւէ։ Եկեղեցի մը կը կառուցանէ ու Ս. Գրքի մեկնաբանութիւնը կը կատարէ։ Իր հոգին կ՝աւանդէ խաղաղ մահով։

Շաբաթ 28 Նոյեմբերին տօնն է Բարթողոմիոս ու Յուդա առաքեալներուն։

Ս. Բարթողոմիոս-

Յովհաննէսի աւետարանին մէջ իր առաքելութեան կոչումը կը կատարուի Նաթանայէլ անուան տակ։ Ան եղաւ առաջին վեց առաքեալներէն մէկը։ Իր անունը կ՝երեւի Յիսուսի Յարութենէն յետոյ ((երկրորդ հրաշագործ ձկնորսութեան)) ընթացքին։ Ըստ աւանդութեան՝ ան Իրանի մէջ քարոզելէ ետք կը մտնէ Հայաստանի սահմանները եւ կը շարունակէ Թադէոս առաքեալին գործը։ Կը թափանցէ արքունիք եւ թագաւորի քոյրը դարձի կը բերէ, որուն պատճառաւ կը ձերբակալուի Հայոց Սանատրուկ թագաւորին կողմէ, սաստիկ չարչարանքներու կ՝ենթարկուի, մինչեւ իսկ մորթազերծ ըլլալով կը նահատակուի Հայաստանի հարաւ/արեւելեան մասին մէջ։

Իսկ Յուդա Յակոբեան կամ Թադէոս, եղաւ հայոց առաջին լուսաւորիչը ։ Ըստ մեր ազգային աւանդութեան, Թադէոս առաքեալ նախ կու գայ Եդեսիա կը բժշկէ եւ քրիստոնեայ կը դարձնէ Աբգար թագաւորը։ Թադէոս իր քարոզութիւնը առաջ կը տանի դէպի հիւսիս, կը մտնէ հայոց Սանատրուկ թագաւորի սահմանները, դարձի կը բերէ շատ հայեր, թագաւորին դուստրը Սանդուխտը, որ կը նահատակուի հօրը ձեռքով։ Ի վերջոյ Թադէոս իր կարգին կը նահատակուի սուրով Ատրպատական գաւառի մէջ, ուր կը ցցուի իր գերեզմանը մինչեւ այսօր որուն վրայ կառուցուած է եկեղեցի մը։

Կիրակի 29 Նոյեմբերը Յիսնակաց Գ. Կիրակին է։










All the contents on this site are copyrighted ©.