2009-11-22 14:05:11

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Նոյեմբեր 22 , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ։ Այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Քրիստիոս Թագաւոր տիեզերքի տօնը։ Աւետարանը կը հրաւիրէ մեզ խորհրդածելու խաչեցեալի վրայ եւ իրմէ փրկութիւն հայցելու։ Յիսուս իր խոնարհութեամբ ու խաչի վրայ մենելով մեզի յայտնուեցաւ Աստուծոյ զօրութիւնը։ Հուսկ Նորիոն Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաներըը վստահութեամբ դիմելՍ. Կոյս Մարիամի, Ան է մեր Մայրն ու Թագուհին եւ իրմէ հայցենք որ մեզ առաջնորդէ դէպի իր Միածին Որդին, արդարութեան ու խաղաղութեան Արքայութիւնը։

Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի շաբաթ մը։

իսկ այժմ լսենք Սրբազան Քահանայապետին տուսած օրհնութիւնը։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Շաբաթ առաւօտ Պեմետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէցը տոքթոր Ռուան Ուլիամս, Գանթերպուրիի առաջնորդը։ Սիրալիր խօսակցութեան ընթացքին մասնաւորապէս խօսուեցաւ ներկայ ժամանակներու քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու ներկայացող մարտահրաւէրներու մասին եւ ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը միասնաբար համագործակցելու ու վկայութիւն տալու քրիստոնեական հաւատքի։ Նոյնպէս խօսուեցաւ երկու եկեղեցիներու կապերու մասին շեշտը դնելով միասնաբար գործելու համամիութենական կապերու ամրապնդումին։
Յայտնենք թէ յառաջիկայ օրերուն սկիզբ պիտի առնէ աստուածաբանական երկխօսութեան երրորդ հանդիպումը։

Թայուանի աւետարանութեան 150ամեակ։

Նորին Սրբութիւնը նշանակած է կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոյի, երբեմնի կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի, որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Թայուանի աւետարանութեան 150ամեակի տօնախմբութեան, որ տեղի կ'ունենայ կիրակի նոյեմբեր 22ին։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ. Թայուանի աւետարանութիւնը առատ օրհնութիւն բերաւ ժողովուրդին։ Սրբազան հայրը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ օրհնութիւնը կու տայ բոլոր անոնց որոնք կը մասնակցին տօնախմբութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.