2009-11-22 14:05:28

ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՓՐԻԿԷՆ։ Սիեռա Լեոնէ։


ՃԱՆՉՆԱՆՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՓՐԻԿԷՆ։ Սիեռա Լեոնէ։

Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՝երաշխաւորէ կրօնական ազատութիւն եւ կրօնքի ազատօրէն գործադրութիւնը։ Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ նաեւ ըլլայ քրիստոնեաներու եւ ըլլայ իսլամներու տօնական օրերը։ Օտարազգի միսիոնարները կ՝ընդունուին բայց պէտք է որ տարեկան տուրք մը վճարեն,նման հոն ապրող օտարահպատակներու։ Սիեռռա Լեոնէի շուրջ 5 միլիոն 700 հազար բնակիչներու հարիւրէն 45,9 տոկոսը մահմէտականներ, հարիւրէն 40,4 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ, հարիւրէն 11,5 տոկոսը քրիստոնեաներ իսկ հարիւրէն 2,2 տոկոսը այլ հաւատքի պատկանողներ։ Սիեռռա Լեոնէ-ի կաթողիկէները կը հաշուեն 267.000,անոնք ունին եկեղեցական 3 գաւառներ եւ 4 Եպիսկոպոսներ, ապա կան տեղաբնակ մէկ քահանայով 65 Ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.