2009-11-22 14:05:49

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 22 նոյեմբեր, Բ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 12 գլուխ, 13-31 համարները։


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրաիկի 22 նոյեմբեր, Բ. Կիրակի Յիսնակաց:

Ընթերցում Ս. Ղուկաս Աւերարանէն 12 գլուխ, 13-31 համարները։



Ընթերցուած Սուրբ Ղուկաս Աւետարանէն



13Մէկը բազութեան մէջէն, ըսաւ Յիսուսի. ’’Վարդապե՛տ, ըսէ եղբօրս որ ժառանգութիւնը բաժնուի հետս’’: 14Յիսուս պատասխանեց. ’’Ո՞վ դրաւ զիս դատաւոր՝ ձեր վրայ կամ ձեր ինչքերը բաժնող’’: 15Յետոյ աւելցուց. ’’Զգուշացէք ամէն ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն’’: Եւ այս առակը պատմեց անոնց. 16’’Հարուստ մարդու մը կալուածները առատ բերք տուին: 17Մարդը ինքնիրեն կը մտածէր. ‘Ի՞նչ պիտի ընեմ, քանի որ բերքս ամբարելու տեղ չունիմ’: 18Յետոյ ինքնիրեն ըսաւ. ‘Գիրեմ թէ ինչ պիտի ընեմ. կը քանդեմ շտեմարաններս եւ աւելի մեծերը կը շինեմ եւ կ’ամբարեմ բոլոր ցորենն ու ինչքերս, 19ապա ես ինծի կ’ըսեմ. ’Ահաւասիկ ամբարուած անսպառ պարէն ունիս երկար տարիներու համար. հանգստացիր, կե՛ր, խմէ՛ եւ զուարճացի՛ր’: 20Բայց Աստուած ըսաւ անոր. ‘Անմիտ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ եւ ամբարածդ որո՞ւ պիտի մնայ’: 21Ահաւասիկ ի՛նչ կը պատահի անոր որ ինքնիրեն համար գանձեր կը հաւաքէ, փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ’’: 22Յետոյ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. ’’Ասոր համար կ’ըսեմ ձեզի, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ ձեր մարմնին համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: 23Կեանքը աւելի կ’արժէ քան սնունդը եւ մարմինը՝ աւելի քան հագուստը: 24Դիտեցէք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը ցանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարան ունին եւ ո՛չ ալ մարան. սակայն Աստուած զանոնք կը կերակրէ. որքան աւելի ձեզ՝ որ թռչուններէն աւելի կ’արժէք: 25Ո՞վ ձեզմէ, հոգ ընելով կրնայ կանգուն մը աւելցնել իր հասակին վրայ: 26Եթէ ուրեմ այսքան փոքր բանի մէջ անկարող էք, ինչո՞ւ կը տագնապիք միւսներու համար: 27Նայեցէ՛ք շուշանին. ո՛չ կը մանէ, ո՛չ ալ կը հիւսէ եւ սակայն նոյնինքն Սողոմոն իր բոլոր պեճանքներուն մէջ անոնցմէ մէկուն պէս չհագաւ: 28Եթէ Աստուած դաշտերու վրայ այդպէս կը զգեստաւորէ խոտերը, որ այսօր կան եւ վաղը կրակի մէջ կը նետուին, որքա՜ն աւելին պիտի ընէ ձեզի, թերահաւատնե՛ր: 29Ուրեմն դուք մի՛ փնտռէք թէ ինչ պիտի ուտէք կամ ինչ պիտի խմէք. մի՛ մտահոգուիք: 30Ոտովհետեւ այս ամէնը աշխարհի հեթանոսները կը փնտռեն, իսկ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր կարիքները: 31Դուք փնտռեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ այդ ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի’’:








All the contents on this site are copyrighted ©.