2009-11-22 14:06:06

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

Ս. Քառասնից մանկանց Եկեղեցի Դպրաց դասի օր

Լիբանան - Կիրակի, 15 նոյեմբեր 2009-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագով նշուեցաւ Դպրաց դասի օրը։ Քարոզին բնաբանն է. ծառայեցէք Տեառն ուրախութեամբ։ Դպրաց դասի օրուան անդրադառնալով՝ Ղեւոնդ աբեղայ ըսաւ, թէ դպիր ըլլալ կը նշանակէ ծառայութեան հոգի ունենալ եւ նուիրեալ անձ ըլլալ։ Ան դպրաց դասին առաքելութեան մասին երկու հիմնական կէտերու անդրադարձաւ

ա- Նուիրում - Աստուած այնքան սիրեց մեզ, որ իր միածին որդին նուիրեց, երբ աշխարհ եկաւ։ Նուիրումը սահման չունի։ Փոքրէն մինչեւ մեծ ընելիք ունի եկեղեցւոյ մէջ։

բ- Ծառայութիւն - Նուիրումը իմաստ չի ստանար, երբ մեր կեանքին մէջ գործնական չդարձնենք զայն։ Քրիստոս նուիրուեցաւ, սակայն նուիրումը գործնականի վերածեց։ Ան վերյիշեց ծառայողներու այն փաղանգը, որոնք ներկայիս բաժնուած են մեզմէ մարմնապէս, սակայն անոնց հոգիները կը ցնծան երկինքէն, երբ կը տեսնեն նոր սերունդի ծառայողները։

Ան կոչ ուղղեց, որ առաւել խանդով ծառայեն դպրաց դասի անդամները, որովհետեւ եկեղեցւոյ արարողութեան մասնակցելով անոնք հաւատացեալներուն հոգիները կը լեցնեն Քրիստոսի հաւատքով ու սիրով։

Յաւարտ Ս պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ դպրաց դասի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։



Քահանաներու անբաւարար թիւը վտանգի կ՝ենթարկէ ֆրանսայի թեմերու հոգեւորական կեանքը։

ֆրանսայի Եպիսկոպոսները մտահոգ են իրենց թեմերու ապագային համար ի տես քահանաներու անբաւարար թիւին։ Այս տուեալները կը յայտէ ՝՝Լեթթր՝՝ կոչուած Բաքս Լիթուրժիքի լրատուութիւնը։ Այժմ գործունէութեան մէջ գտնուող ֆրանսացի թեմական քահանաերու թիւը 9 հազարէն աւելի նուազ է։ Տասնամփեակ մը վերջ բազմաթիւ թեմեր մեծ հաւանականութեամբ պիտի ունենան ամենէն շատ 12 քահանայ ։ Երկրորդ տարին ըլլալով ֆրանսայի կղերանոցներու մէջ ժառանգաւորներու թիւը 750էն վար է եւ ներառեալ ոչ-թեմական միաբանութիւններէ եկող շուրջ հարիւրի մօտ աշակերտներուն,ու կան նաեւ թեմեր ինչպէս՝Բամիէ,Պելֆոր,Աժէն եւ Բերբինիան առանց ժառանգաւորներու։



Իտալիոյ ամենատարեց կինը ոչ եւս է։

Իտալիոյ ամենատարեց կինը Իտա ֆրապպոնի,Պոլոնիացի, իր մահկանացուն կնքեց 2 Նոյեմբերին 113 տարեկան հասակին։ Ան ծնած էր 4 հոկտեմբեր 1896ին։ Իր երեք զաւակները իր քովն էին երբ ան փակեց իր աչքերը։ Իտա մեծմայրիկը Եւորպայի ցամաքամասի երկրորդ ամենատարեց կինն էր եւ 13երորդ աշխարհի մէջ։ Այժմ իտալիոյ ամեանատարեց կինը կը նկատուի Վերոնա քաղաքը ապրող տիկինը Վէնէրէ Բիցցինաթօ որ պիտի լրացնէ իր ծննդեան 113երորդ տարին։Իսկ ըստ թրքական օրաթերթի մը լուրին թուրքիոյ Տիյարպէքիր քաղաքի շրջանի Պիսմիլ կոչուած գիւղին մէջ կ՝ապրի աշխարհի ամենատարեց կինը Հալիմ Սոյմազ որ 125 տարեկան է։ Միւս կողմէ աշխարհի մէջ ներկայիս կան 75 անձեր որոնք գերազանցած են 110 տարին ամերիկացի ուսումնասէրներու կաստարած հետազօտութեանց համաձայն եւ թէ այդ 75 անձերէն՝71ը կիներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.