2009-11-22 14:06:20

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մշակոյթի Ամսուան Ձեռնարկները։


Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանի Մշակոյթի Ամսուան Ձեռնարկները։

Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին մշակոյթին տուած է իր արժանի տեղը: Հայ մարդը միշտ ալ հպարտացած է իր մշակոյթով, ապրած է անով եւ ապրեցուցած է զայն: Մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ վերապրած հայութիւնը կայք հաստատեց աշխարհի չորս ծագերուն եւ դարձաւ Սփիւռք, մշակոյթը եղաւ հայապահպանման եւ, ինչո՞ւ չէ, հայակերտման կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը: Դարձեալ, նոյն պայմաններուն տակ մշակոյթը, որպէս վահան մեզ պաշտպանեց օտարացումէ եւ ձուլումէ։ Կրկին մշակոյթն էր, որ հայրենիք դարձաւ սփիւռքեան սերունդին, զայն ներշնչելով հայրենասիրութեամբ՝ ամրապնդելով անոր մէջ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:
Ահա այս է պատճառը, որ հայ դպրոցը իր առաքելութեան գիտակից, զարկ կու տայ հայ մշակոյթի զանազան երեսներուն եւ կը ջանայ զայն դարձնել հայ աշակերտի առօրեան: Յատկապէս Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, հայ ուսուցիչի ջանքերը կը բազմապատկուին, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ աշակերտի հոգիին մէջ վառ մնայ մշակոյթի փարոսը՝ հայկականութեամբ լուսաւորելու համար անոր միտքն ու հոգին:
Նոյն մտահաոգութեամբ, Հայ քոյրերու վարժարանը, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս ձեռնարկեց հայ մշակոյթի հետ առընչուող զանազան միջոցառումներու, Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին:
Նկատի ունենալով, որ 2010 տարին կը զուգադիպի Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 140ամեակին, մշակոյթի ամսուան ձեռնարկներու թեման ընդհանրապէս եղաւ Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները:
Հոկտեմբեր ամսուան ձեռնարկներէն կարելի է յիշել.-

1. Հեքիաթասացութիւն
Ա. Մանկապարտէզի աշակերտներուն եւ ծնողներուն համար հաճելի երեկոյ մըն էր Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23ի երեկոն, երբ վարժարանիս ծնողներէն Դալար Քէօսէեան-Գօզիքիւչիկեան ներկայացուց իր հեղինակած գիրքը «Why do I Need to Know My Armenian Heritage», ապա մանուկներուն հասկնալի եւ շատ հաճելի ոճով պատմեց փոքրիկներուն իր գիրքին պատմութիւնը, որ Սփիւռքի մեր առօրեայէն քաղուած դրուագ մըն է, ուր կը յիշատակուին Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի եւ մեր առաջին թարգմանիչները: Գիրքի ծանօթացումէն ետք, Մանկապարտէզի փոքրիկները առիթ ունեցան իրենց ծնողներու օգնութեամբ աշխատելու նախօրօք պատրաստուած ձեռայիններով։ Անոնք ներկելով ու կազմելով պատրաստեցին հայկական պտուղներ ներկայացնող գեղեցիկ պատկերներ:
Բ. Ութերորդ դասարանի աշակերտները խմբային դրութեամբ կարդացին Թումանեանի հեքիաթները, ապա պատրաստեցին իւրաքանչիւր հեքիաթի յատուկ աշխատանք, եւ խումբով այցելեցին փոքր դասարանները, անոնց կարդացին ու պատմեցին հեքիաթներ եւ կատարեցին նոյն հեքիաթին կապակցաբար աշխատանքներ։ Հաւասարապէս փոքրերուն եւ մեծերուն համար ուսանելի փորձառութիւն մըն էր, որուն ընդմէջէն անոնք ունեցան սորվելու եւ սորվեցնելու փորձը, նաեւ ըմբռնելու հեքիաթն ու անոր խորքը: Եօթներորդ կարգի աշակերտները նոյն հեքիաթները, դարձեալ խմբային դրութեամբ, թատրոնի վերածեցին եւ ներկայացուցին Մշակոյթի օրուան հանդիսութեան:
2. Մշակոյթի Յատուկ Ծրագիրներ
Հինգերորդէն վար դասարանները, Մշակոյթի ամսուան ընթացքին կը սորվին արտասանութիւններ, երգեր, կ՛աշխատին գծելով, ներկելով եւ գրելով հայկական տառերը, հայկական պտուղներ, մանրանկարներ, հայկական տարազներ, եւ կը ծանօթանան անոնց պատկանած շրջաններուն:
Վեցերորդ, եօթներորդ եւ ութերորդ կարգերը ունեցան Մշակոյթի ամսուան աւանդոյթ դարձած «Հայկական ճաշերու ծրագիր»ը, որուն մեծ հաճոյքով կը սպասեն եւ նոյնքան մեծ հաճոյքով կը գործադրեն զայն: Ընդհանրապէս աշակերտներ խմբակներու կը բաժնուին եւ տունը՝ իրենց ծնողներու օժանդակութեամբ, ճաշի մը նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարեն, եւ անոր պատրաստութեան ձեւը բացատրելով՝ զայն կ՛ամբողջացնեն դասարանին մէջ, յաճախ նաեւ ծնողներու եւ ուսուցիչներու ներկայութեան: Այս աշխատանքին համար կը պահանջուի նաեւ գրաւոր, լաւ պատկերազարդ գրքոյկի մը ներկայացումը։ Ծրագիրը կ՛աւարտի հաճելի կերուխումով: Այս ծրագրին օգտակարութիւնը, իր ստեղծած խմբային աշխատանքի խանդավառութեան կողքին, նաեւ կը կայանայ մեր առօրեայ կեանքի մէջ գործածական բառերը սահուն եւ ճշգրիտ հայերէնով օգտագործելու վարժութեան մէջ, եւ կը նպաստէ աշակերտներու մօտ հայերէնով հրապարակախօսութեան վարժութիւն զարգացնելու համար:
3. Մշակոյթի Ամսուան Պաշտօնական Հանդիսութիւնը
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Մշակոյթի ամսուան եզրափակիչ հրապարակային հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ վարժարանիս աոաքինազարդ քոյրերուն, ծնողներուն եւ պաշտօնէութեան: Օրուան հանդիսավարն էր Մարի Թիւթելեան, որ իր բացման խօսքին մէջ արժեւորեց հայ մշակոյթը եւ պատգամեց աշակերտներուն, փոփոխելով Յովհաննէս Թումանեանի խօսքը. «Ապրէ՛ք երեխէք, եւ մեզ պէս ապրէ՛ք՝ միշտ խօսելով հայերէն»։ Ապա բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին երգելով, արտասանելով եւ նուագելով հայ գրականութենէն եւ երաժշտութենէն հայ լեզուն փառաբանող գործեր։ Դաշնակի վրայ աշակերտներուն կ՛ընկերակցէր վարժարանիս երաժշտութեան ուսուցչուհի՝ Վարդուհի Պաղտասարեան։ Հանդիսութեան աւարտին եօթներորդ դասարանը յաջողութեամբ ներկայացուց Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներէն «Անբան Հուրին», «Ոսկու Կարասը», «Բարեկենդանը» եւ «Սուտասանը»: Յիշարժան է, որ անոնք՝ հսկողութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին, թատրերգութեան վերածած էին իւրաքանչիւր հեքիաթ եւ պատրաստած փոքրիկ խօսուն տեսարաններ՝ անոնց խորքը արտայայտող: Այս թատրոնները ոչ միայն պատրաստող դասարանի աշակերտները մօտեցուցին Թումանեանի հոգիին, այլեւ մեծ հաճոյք պատճառեցին բոլոր ներկաներուն:
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիա մեծ ուրախութեամբ ողջունեց աշակերտները, որոնք ջանք չէին խնայած այս հանդիսութիւնը յաջողապէս ներկայացնելու։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հայերէն լեզուի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին վառ կը պահեն հայ մշակոյթի փարոսը:
Հայ ուսուցի՛չ, պարարտ հողերու մէջ ցանած սերմերուդ առողջ ծիլերը հայ պատանիի ժպիտն է: Վարձքդ կատա՛ր, սերմնացան:







All the contents on this site are copyrighted ©.