2009-11-21 13:10:30

Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Նորին Սրբութեան հանդիպումը գեղարուեստի աշխարհին հետ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը գեղարուեստի աշխարհին հետ

Շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում մը ունեցաւ գեղարուեստի աշխարհին հետ Վատիկանի Սիքստեան մատրան մէջ ։

Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ գերապայծառ Ճանֆրանքօ Ռավազիի` նախագահը՝ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդին։

Հանդիպումին նպատակն է, վերահաստատել բարեկամութիւնը եւ երկխօսութիւնը Եկեղեցւոյ ու գեղարուեստի աշխարհին հետ, եւ յարուցանել համագործակցութեան նոր առիթներ։ Հանդիպումին մասնակցեցան հինգ ցամաքամասերու հանրահռչակ շուրջ 500 գեղարուեստագէտներ։

Գերապայծառ Ճիանֆրանգօ Ռավազի, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ յայտնեց թէ հրաւէրները ուղղուեցան որքանով որ Սիքստեան մատուռը կրնար ընդունիլ։

Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումէն առաջ, հրաւիրեալ գեղարուեստագէտները այցելեցին Վատիկանի թանգարանի արդի ու ժամանակակից գեղարուեստի բաժինը։ Տեղի ունեցան երաժշտական կարճ գործադրութիւններ Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումէն անմիջապէս առաջ ու վերջը։

Հանդիպումին ընթացքին Գերապայծառ Ճանֆրանքօ Ռավազի` յանուն բոլոր գեղարուեստագէտներուն, բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին։

Ապա հատուածներ կարդացուեցան երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի, 10 տարի առաջ գեղարուեստագէտներուն ուղղած՝ առաքելական թուղթէն, որմէ ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր ճառը ուղղեց գեղարուեստի աշխարհին։ Մեր այս հանդիպումով, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կ'ուզեմ արտայայտել ու կրկնել Եկեղեցւոյ բարեկամութիւնը գեղարուեստի աշխարհին հետ, բարեկամութիւն մը, հաստատուած ու ամրապնդուած ժամանակին մէջ, որովհետեւ քրիստոնէութիւնը, իր ծագումէն սկսեալ, լաւ ըմբռնեց արժէքը գեղարուեստին ու իմաստութեամբ շահագործեց հաղորդելու փրկութեան ամփոփոխ պատգամը։

Սիրելի բարեկամներ, յարեց Նորին Սրբութիւնը, դուք պահակներն էք գեղեցկութեան եւ շնորհիւ ձեր հանճարին կարելիութիւնը ունիք խօսելու մարդոց սրտին, հպելու անոնց անհատական ու հասարակական զգայնութիւնը, արծարծելու երազն ու յոյսը, ընդլայնելու գիտակցիութեան հորիզոնը ու մարդկային յանձնառումը։ Ասոր համար երախտապարտ եղէք ձեր այս տուրքին համար եւ եղէք մարդկութեան համար քարոզիչները ու վկաները յոյսի։ Մի վախնաք մօտենալու գեղեցկութեան ակնաղբիւրին, խօսակցելու հաւատացեալներու հետ, որոնք ձեզի նման ուխտաւորներ են այս երկրին վրայ ու պատմութեան մէջ եւ կը քալեն դէպի ՜՜Անհուն Գեղեցկութիւն՝՝։ Հաւատքը արգելք մը չէ ձեր հանճարին ու ձեր գեղարուեստին, ընդհակառակն անիկա զայն կը մեծարէ ու կ'աճեցնէ, կը քաջալերէ լաւագոյնս տեսնելու մեր կեանքին վերջին կէտնապատակը, որ փայլող արեւի նման գեղեցիկ կը դարձնէ ներկան։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. կը քաջալերեմ ձեզ յայտնաբերելու ու լաւագոյն կերպով արտայայտելու՝ ձեր գործերու գեղեցկութեան ճամբով, ՜՜Աստուծոյ խորհուրդը ու մարդու խորհուրդը՝՝։ Մինչ սրտանց կ'օրհնեմ ու կ'ողջունեմ ձեզ ''ի քաղցր տեսութիւն՝՝ մաղթանքով։

Այս հանդիպումէն ետք Նորին Սրբութիւնը բոլոր ներկաներուն յանձնեց յատուկ կերպով պատրաստուած՝ ՜՜ յիշատակի մետալ ՝՝մը։

Նշենք թէ հանդիպումին մասնակցող՝ շուրջ 500 գեղարուեստագէտները ստորաբաժնուած են հինգ դասակարգերու. առաջին ՝ գեղանկարիչ եւ արձանագործ, երկրորդ` ճարտարարուեստ, երրորդ՝ գրագէտ եւ բանաստեղծ, չորրորդ՝ երաժիշտ ու երգիչ, իսկ հինգերորդ` կինօ, թատրոն, պար եւ լուսանկարչութիւն։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.