2009-11-21 12:52:27

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ
ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 22 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ՝ ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Պեռնար Վաւերօ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ 22 նոյեմբերին, Միւնիխի մէջ։ Վալերօ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներուն հրաւէրով՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները վեցերորդ անգամ ըլլալով 22 նոյեմբերին պիտի հանդիպին Միւնիխի մէջ՝ Ֆրանսայի գլխաւոր դեսպանի նստավայրին մէջ։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ տագնապի արդար, երկարատեւ եւ խաղաղ լուծման հիմնական սկզբունքները կողմերուն ներկայացուած են նոյեմբեր 2007-ին Մատրիտի մէջ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին կողմէ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ։
Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի աշխատակազմի ղեկավար Առուշան Յակոբեան ՝՝panorama.am՝՝ լրատուական կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւնները արդէն իսկ երեք օրէ ի վեր Սահմանադրական Դատարանին մէջ կը գտնուին։ Ըստ անոր, յառաջիկայ քսան օրերուն ընթացքին պէտք է գումարուի լիագումար նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի որոշուի արձանագրութիւններու քննարկման ժամկէտը։ Եթէ այդ պահուն դատարանի անդամները ընդհանուր համաձայնութեան չգան, ապա դատարանը կրնայ տասը օրով յետաձգել հարցին քննութիւնը։ Անկէ ետք, ամիսը աւարտելու պարագային, դատարանը պարտաւոր է կա՛մ վերադարձնելու արձանագրութիւնները, կամ ալ անոնց քննութիւնը կատարելու, աւելցուց Առուշան Յակոբեան նկատել տալով, որ նոյն լիագումար նիստին ընթացքին պիտի որոշուի նաեւ այդ արձանագրութիւններուն սահմանադրականութիւնը։
Դատարանը պէտք է նաեւ որոշէ, թէ քննարկումները բա՞ց, թէ՞ փակ պիտի կատարուին։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱՑՈՂ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ։
Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին Պելճիքայի վարչապետ Հերման Վան Ռոմփոյ ընտրուեցաւ Եւրոպական Միութեան առաջին նախագահ։ Բրիտանական Տը Թելեկրաֆ օրաթերթը կը գրէ, որ Ռոմփոյ կտրականապէս դէմ է Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան։ Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Պելճիքայի վարչապետը հինգ տարի առաջ Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ հաւաքուած Եւրոպական Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն ըսած է, թէ Թուրքիան Եւրոպայի մաս չէ եւ երբեք Եւրոպայի մաս պիտի չըլլայ։ Ան իր դիրքորոշումը բացատրած է յայտնելով, որ Թուրքիոյ նման իսլամական մեծ պետութեան մը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեամբ կը խարխլին Եւրոպայի քրիստոնէական աւանդութիւններն ու արժէքները։

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿՈՂՄ ՊԻՏԻ ՔՈՒԷԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ։
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն եղող դեմոկրատական խմբակցութեան ղեկավար Հարի Ռիտ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կը յայտնէ, թէ ինք դարձեալ պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան օգտին։ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան յայտարարած է, որ ՝՝մենք կը փափաքինք մեր երախտիքի խօսքը ուղղել ծերակոյտին մէջ մեծամասնութիւն եղող խմբակցութեան նախագահ Հարի Ռիտին, որ իր գործընկերներուն հետ միացած է այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որուն համաձայն, Միացեալ Նահանգներ կընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ծերակուտականներ Պոպ Մենենտեզի եւ Ճոն Ինսայնի կողմէ ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը արդէն իսկ ստացած է ծերակուտականներ Շերոտ Պրաունի, Ռոս Ֆայնկոլտի, Տայանա Ֆայնշթայնի, Ճեք Ռիտի եւ Շելտըն Ուայթհաուզի աջակցութիւնը։Միւս կողմէ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխուժ կերպով կը շարունակէ իր ՝՝Քաունթտաուն Թու Էրտողան՝՝ արշաւը, որ չորս շաբաթ տեւողութիւն ունեցող արշաւ մըն է եւ նախագահ Օպամայի կոչ կուղղէ 7 դեկտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին հետ հանդիպումին ընթացքին Էրտողանի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսել։







All the contents on this site are copyrighted ©.