2009-11-20 13:24:00

Քահանայական տարի – Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն ու Կեանք


Քահանայական տարի – Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն ու Կեանք



Ով որ Յիսուս Քրիստոս գիտէ, ամէն բան գիտէ, ով որ զայն չի ճանչնար, բանէ մը լուր չունի թէեւ բոլոր գիտնականները ճեմարաններու սորվեցուցածներուն տեղեակ ըլլայ։ Մարմնացեալ Բանը Ճշմարտութեան արեգակն է, այն լոյսն` որ ամէն աշխարհ եկող մարդիկը կը լուսաւորէ, երկնաւոր Հօր անճառելի գաղտնիքն է, իր սիրոյն խորհուրդն է, որ ծածկուած էր իր ծննդեան նախընթաց դարերուն։

Ուսումնասիրելով, մտածելով ու խորհրդածելով մարդացեալ Աստուածը, որուն մէջ ամէն իմաստութեան ու գիտութեան գանձերը միացած են, մեր մտածմունքները կ'ազնուացնենք, իմացականութիւննիս կը զարգացնենք եւ այս աշխարհքէս կը սկսինք արդէն հրեշտակներուն ու սրբոց զբաղմուքովը պարապիլ։

Յիսուսի Քրիստոսի ուսմունքը` անոր խորհրդոց մտածմունքը` քահանային սովորական զբաղմունքը ըլլալու են։ Եւ իրօք ալ կարեւոր չէ՞ իրեն կատարելապէս ճանչնալ Տէրը, որուն կը ծառայէ, զոր կը ներկայացնէ եւ ուրիշներուն կը քարոզէ։ Եթէ իր առաքելութենէն շեղիլ չ'ուզեր, պէտք է որ բոլոր իր վարդապետութիւնը դառնայ Յիսուսի Քրիստոսի վրայ, որ Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն ու Կեանք է։ Ճանապարհ` որուն վրայէն քալելու է, Ճշմարտութիւն` որուն հասնելու է, Կեանք` ուր պէտք է կանգ առնուլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.