2009-11-20 13:23:00

Պեբնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Վատիկանեան տեղեկութիւններ։
Վատիկանի Պետական քարտուղարի նամակը Չինաստանի եկեղեցականներու, քահանայական տարւոյն առթիւ։
Կարտինալ Պերթոնէ`Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, քահանայական տարւոյն առթիւ նամակ մը յղած է Չինաստանի կղերին քաջալերելով զանոնք շարունակելու հաշտութեան ճանապարհին վրայ ընթանալու կաթողիկէ եկեղեցւոյ համայնքէն ներս եւ երկխօսութիւն հաստատելու քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ։ Ան կը հրաւիրէ Չինաստանի կղերը հետեւելու Արսի սուրբ ժողովրդապետի օրինակին, որ գիտցաւ բոլորին հետ երկխօսութիւն հաստատելու, որովհետեւ ան եղաւ աղօթքի մարդ։ Իր նամակին մէջ կարտինալ Պերթոնէ կ'անդրադառնայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի, մայիս 2007ին, Չինաստանի ուղղած նամակին ադիւնաբերութեան մասին։ Կարտինալը իր նամակը կ'եզրափակէ բաղձանք յայտնելով որ Չինաստանի քահանաներու կեանքը յատկանշուի անվերապահ նուիրումով Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ հանդէպ։
Ուրբաթ, նոյեմբեր 20 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեցաւ Սուրինամի հանրապետութեան նախագահը տիար Ռպլան Վենեցեան։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Առողջապահութեան հովուութեան քահանայապետական խորհուրդի ժողովին մասնակցողները։

Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը, նոյեմբեր 20ը հռչակած է մանուկներու աղօթքի համաշխարհային օր, Մանուկներու իրաւունքի վաւերացման 20րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը կ' ողջունէ աշխարհի բոլոր մանուկները եւ յատկապէս անոնք որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ու կը տառապին բռնութիւններու, շահագործումի, պատերազմի ու սովի հետեւանքով,
եւ կը հրաւիրէ քրիստոնեայ աշխարհը եւ բարի կամք ունեցող մարդիկը միանալու աղօթելու աշխարհի մանուկներու համար եւ միաժամանակ կոչ կ'ուղղէ միջազգային հասարակութեան որպէսզի բազմապատկէ իր ջանքերը ընդառաջելու մանուկներու ողբերգական հարցերուն եւ կը խնդրէ բոլոր պետութիւններէն ճանչնալու մանուկներու իրաւունքը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին` Աւետարանի քարոզութիւնը պէտք չէ ստորագնահատել յարաբերական մշակոյթը որ կը շահագործէ խղճմտանքները։

''Եկեղեցւոյ Հովուութիւնը կանչուած է ցոյց տալ ժամանակակից մարդուն Քրիստոսի իսկական դիմագիծը, մարդու միակ Փրկիչը''։ Այսպէս կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ուղղուած ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին մասնակցողներուն, որոնց գումարին նիւթն է. ''Սուրբ Պօղոսը եւ նոր Արիսպագոսները։
Պօղոս առաքեալի նման, որ Քրիստոսը քարոզեց Աթէնք` Արիսպագոսին մէջ, տեղւոյն մշակոյթի բարբառով, հեռու Աւետարանի մջավայրէն, նոյնպէս այսօր Եկեղեցին կանչուած է քաջութեամբ հռչակել Աւետարանը յեղաշրջով ընկերութեան մը մէջ։ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ կը յիշեցնէ Քրիստոսի քաջալերական խօսքերը ուղղուած հեթանոսներու առաքեալին. ''մի վախնար, խօսէ, եւ լի լռեր։ Քանի որ ես քեզի հետ եմ, ոչ ոք պիտի հակառակի քեզ չարչարելու համար, որովհետեւ բազմաթիւ ժողովուրդ ունիմ այս քաղաքին մէջ''։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կը մէջբերէ Պօղոս Զ Պապին խօսքը. ''մենք կանչուած չենք միայն Աւետարանը քարոզելու այլեւ Աւետարանի զօրութեամբ բարեփոխելու եւ յեղարջելու դատումներն ու արժէքները, մտածումներն ու ապրելակերպերը, որոնք հակառակ են Աստուծոյ խօսքին ու փրկութեան ծրագրին։ Հարկաւոր է արժէքաւորել ներկայ Արիսպագոսները ուր կ'արճակատին աւետարանութեան մեծ մարտահրաւէրները։ Ամրապնդուած հաւատքով, որ կը դիտէ պատմութիւնը Աւետարնի լոյսով եւ զրահուած այն ապահովութեամբ, որ Պօղոս առաքեալը ունէր Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակով''։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը կ'եզրափակէ կոչ ուղղելով կեդոնանալու հոգեւոր կեանքի վրայ, վստահելու ամենախնամ Աստուծոյ վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.