2009-11-20 13:23:39

Լուրեր հայկական կեանքէն


Լուրեր հայկական կեանքէն
Ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն վայելող հայկական անունները
Նախորդ տարուայ ամէնէն նորաձեւ եւ տարածուած անուններն են Նարեկն ու Միլենան։ 2008 թ 1012 նորածինի տրուած է Նարեկ, իսկ 817՝ Միլենա անունը։ Այդ կը վկայէ ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած Հայաստանի կանայք եւ տղամարդիկ-2009 զեկոյցը։
Երկրորդ հորիզոնականը կը զբաղեցնեն Դաւիթ ու Էլէն անունները։ Անին գրաւած է երրորդ տեղը, իսկ Հայկը՝ չորրորդ հորիզոնականը։ Անահիտը, Մարիամը, Աննան, Մանէն այսօր եւս կը շարունակեն ժողովրդականութիւն վայելել , սակայն աւելի տարածուած են օտար անունները՝ Անգելինա, Մոնիքա , եւայլն։
Ինչ կը վերաբերի տղաներու անուններուն, առաջին տասը հայկական ծագում ունին, եւ առհասարակ՝ օտարածին անուններ կրողներ շատ քիչ են՝ ըսենք Ալեքս՝ 188, Ալէն՝ 284, Ալեքսանդր՝ 114։ Նաեւ նշենք, որ 2008 թ զեկոյցին համաձայն ամուսնութեան միջին տարիքը տարուէ տարի կաւելնայ։ Քաղաքներուն մէջ տղաներու համար սահմանուած է 288 տարիքը, աղջիկներու համար՝ 251, իսկ գիւղերուն մէջ տղաները 277, իսկ կիներու համար 233։ 1990 թ աղջիկներու համար ամուսնական միջին տարիքը եղած է 228, իսկ տղաներու համար՝ 258։

Նոյեմբեր 18-էն մինչեւ 22 Հայաստանի մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ տեղի կ'ունենան Չինաստանի մշակութային օրերը։ Նախատեսուած է Խանչժոու քաղաքի երգի եւ պարի թատրոնի ելոյթը։ Արուեստագէտները հայ հանդիսատեսի դատին կը ներակայացնեն ինչպէս ժողովրդական եւ դասական, այնպէս ալ ժամանակակից պարեր ու կատարողական արուեստ։ Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ չորեքշաբթի օրը Յ.Պարոնեանի անուան երաժշտական կոմեդիայի պետական թատրոնին մէջ։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը թոյլատրեց ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուով ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան հեռարձակումը։ Թուրքիոյ Ռատիոհեռարձակման եւ հետուստատեսութեան Բարձրագոյն խորհուրդը որոշեց թոյլատրել երկրի մէջ, մասնաւորապէս, հայերէն եւ քրտերէն լեզուներով հեռարձակումը։ Թուրքիոյ ռատիո-հեռարձակաման եւ հետուստատեսութեան Բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչը Ազատութիւն ռատիոկայանի ռուսաստանեան ծառայութեան յայտնեց հետեւեալը. Թոյլատրել է շուրջօրեայ հեռարձակումը բոլորին՝` առանց սահմանափակման, տեղական լեզուներով, որոնք Թուրքիայում հասնում են 28-ի։ Վերցուած է արգելքը կրթական եւ մանկական ուսուցողական հաղորդումների վրայ։ Խորհուրդը նաեւ որոշում է կայացրել մինչեւ 50 տոկոս աւելցնել հեռարձակման ընկերութիւններում օտարերկրեայ կապիտալը։


Ռուսաստանը պիտի ընէ ամէն ինչ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով արդիւնքներու հասնելու համար, Նոյեմբեր 17-ին Մոսկուայի մէջ յայտարարեց Ռուսիոյ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Անդրէյ Նեստերենկոն։ Ըստ անոր խօսքերուն՝ Ռուսաստանը կը մասնակցի բանակցային գործընթացին եւ պիտի ընէ իր հնարաւորը՝ ընդունելի արդիւնքներ գրանցելու ուղղութեամբ։ Ըստ Նեստերենկոյին՝ Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը նուրբ ու զգայուն թեմա է, այն կը զուգորդէ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ, եւ Ռուսաստանը կը ձգտի օգնել հիմնախնդրի հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող կողմերը։

Կոռուպցիայի տարածուածութեան առումով Հայաստանը վերելքի մէջ է. այդ ցուցանիշով աշխարհի 180 երկիրներու շարքին Հայաստանը 5 այլ երկիրներու հետ կը կիսէ պատուաւոր՝ 120-125-րդ հորիզոնականները՝ նախորդ տարուայ 109-114-րդի փոխարէն։ Ուրբաթ ակումբին մէջ Նոյեմբեր 17-ին պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ Transparency international հակակոռուպցիոն կեդրոնի նախագահ Ամալիա Կոստանեանը հրապարակեց այս թիւերը եւ տնտեսութեան մէջ կաշառակերութեան աճի պատճառները կապեց օլիղարխիկ տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան սերտ աճման։ Իսկ քաղաքականութեան մեջ կաշառակերութեան խորացման պատճառները կապուած են մարդոց իրաւունքներու ոտնահարման, ոչ անկախ արդարադատութեան համակարգի, կեղծուած ընտրութիւններու, ընկերային եւ այլ հարցերու հետ։ Իրաքը, Սուտանը, Աֆղանիստանը, Սոմալին աւելի կաշառակեր երկիրներ են Հայաստանէն։ Իսկ ամէնաքիչ կոռուպացուած երկրներն են Նոր Զելանտան, Դանիան, Սինկափուրը, Շուէտը եւ Զուիցերիան։







All the contents on this site are copyrighted ©.