2009-11-20 14:23:50

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԱՒ ՕՐԻՆԱԿ Է(ԿԸՍԷ ՄԵՏՎԵՏԵՒ)։
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ ՝՝Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա՝՝ վեհաժողովին արդիւնքները ամփոփող մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի մօտեցնեն իրենց դիրքորոշումները Անդրկովկասի վերաբերեալ՝ այդ շրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման համար։ Ռուսիոյ նախագահը նշած է. ՝՝Անդրկովկաս այստեղ մեր դիրքորոշումները չեն համընկնիր, այս իրողութիւնը պէտք է բացայայտ ընդունինք։ Սակայն ասիկա տակաւին առիթ չէ իրավիճակը ողբերգական ներկայացնելու համար՝՝։ Ըստ Մետվետեւի, Մոսկուա հետագային եւս մտադիր է փոխզիջման որոնման ոգիով բանակցութիւններ վարել ՝՝՝՝բարդ թեմաներու՝՝ շուրջ։ Սակայն Ռուսիոյ նախագահին կարծիքով, գոյութիւն ունին նաեւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութեան լաւ օրինակներ։ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը այստեղ կը նկատուին դրական տեղաշարժեր։ Ասիկա օրինակ է, թէ ինչպէս մենք կրնանք համագործակցիլ կամ կրնայինք համագործակցիլ, եթէ նախորդ տարի չըլլար ծանօթ յարձակումը (Հարաւային Օսեթիոյ դէմ վրացական յարձակումը) նշած է Մետվետեւ։
ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԲԽԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՇԱՀԵՐԷՆ (ԿԸՍԷ ՍԼՈՎԵՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ)։
Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Զպոկար Եւրոպական խորհուրդի նախագահութիւնը Սլովենիայէն Զուիցերիոյ յանձնելու արարողութենէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ սառեցուած տագնապներու, մասնաւորապէս՝ ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծումը կը բխի բոլորին, ներառեալ Եւրոպական Խորհուրդի շահերէն։ Ըստ Սամուէլ Զպոկարի, թէեւ Եւրոպական խորհուրդը չի մասնակցիր ղարաբաղեան հարցի լուծման բանակցային գործընթացին, եւ այդ հարցով կը զբաղի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, Խորհուրդը կրնայ շատ բան ընել երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործընթացին արագացման համար, նաեւ աջակցիլ Հարաւային Կովկասի մէջ միջ-շրջանային համագործակցութեան։ Սակայն ան նաեւ նշած է, որ նախ եւ առաջ լուծման ուղիները պիտի փնտռեն իրենք՝ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը։

ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԿՇԻՌ ՄԱՍԸ ԴԷՄ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ։Պոլսոյ Պողազիճի Համալսարանի եւրոպական աշխատանքներու կեդրոնին եւ Մատրիտի համալսարանին կողմէ եւրոպական հինգ երկիրներու մէջ կատարուած հարցախոյզը հետաքրքրական արդիւնքներ տուած է։ Հարցախոյզը կատարուած է Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ։ Թրքական Սի Էն Էն Թիւրք պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ այդ երկիրներուն մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 60 առ հարիւրը Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար կարեւոր նկատած է ՝՝ժողովրդավարութիւնը՝՝։ Մասնակիցներուն 20 առ հարիւրը կը վախնայ թուրք գաղթականներէն։ Թուրքիան ի՞նչ խորհրդանիշով կը ճանչնաք հարցումին մասնակիցներուն 91 առ հարիւրը պատասխանած է Պոլիսով, 70 առ հարիւրը՝ Կալաթասարայով(ֆութպոլի խումբը)։ Աթաթիւրքին անունը նշած են մասնակիցներուն 40 առ հարիւրը, ինչ որ նուազ է թուրքիոյ հարաւային Անթալիա քաղաքը նշողներու համեմատութենէն։ Նոպելեան մրցանակակիր թուրք գրող Օրհան Փամուքի անունը նշած են մասնակիցներուն 115 առ հարիւրը։Իսկ եթէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը դրուէր հանրաքուէի, ինչպէ՞ս կը քուէարկէիք հարցումին հարցախոյզին մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը պատասխանած է ՝՝ոչ՝՝։

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՄԱՐԻՈՍ ԿԱՐՈՅԵԱՆԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄԸ։ ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի հովանաւորութեամբ, շքեղ հանդիսութիւն մը տեղի կունենայ Ուրբաթ 27 Նոյեմբերին, Լաչչայի քաղաքապետարանի հանդիսասրահէն ներս, ի պատիւ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարիոս Կարոյեանի։ Սոյն հանդիսութեան ընթացքին 2009ի Հայ Դատի անձնաւորութիւն պիտի հռչակուի Մարիոս Կարոյեանը։ Հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լիբանանի մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ նախկին նախարար Ալէն Թապուրեան։









All the contents on this site are copyrighted ©.