2009-11-19 12:32:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Հինգշաբթի նոյեմբեր 19 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց
Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ հնգամեայ կանոնական այցելութիւն,
Ապա, Պօղոս Զ անուան սրահը, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց քահանայապետական համալսարաններու տնօրէնները, ակադեմական իշխանութիւնները, դասախօսները եւ ուսանողները, նոյնպէս կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին մասնակցողները։
Անոնց ուղղած ճառով, Սրբազան Հայրը, անգամ մը եւս ընդգծեց անփոխարինելի դերը եկեղեցական համալսարաններու ու կաթողիկէ համալսարաններու կարեւորութիւնը Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան համար։ ''Սիրելիներ, ձեր յանձնառումը ի սպաս ճշմարտութեան` եկեղեցական սպասարկութիւն մըն է, քանի Աւետարանի մէջ կը կարդանք Քրիստոսսի պատուիրանը իր համաբարձումէն առաջ. Գացէք, աշակերտեցէք բոլոր ազգերը եւ մկրտեցէք զանոնք, յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Սորվեցուցէք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր, մինչեւ աշխարհի կատարածը։
Հարկաւոր է, ըսաւ Նորին Սրբիութիւնը որ բոլոր դասախօսներն ու ուսանողները միշտ աչքի առջեւ ունենան նպատակը եկեղեցական համալսարաններու, այսինքն ըլլալ գործիքը Աւետարանի քարոզութեան։ Եկեղեցական ուսմանց տարիները կարելի է նմանցնել առաքեալներու Յիսուսի հետ ապրած տարիներու ունեցած փորձարկութեան։ Յիսուսի հետ ապրելով անոնք ճշմարտութիւնը սորվեցան եւ հետագային դարձան քարոզիչներ։ Նոյնպէս, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը, պէտք է միշտ յիշել թէ եկեղեցական ուսումը բնաւ անջատելու չէ աղօթքէն, Աստուծոյ հետ միութենէն, մտածականէն, ապա թէ ոչ աստուածային խորհրդածութիւնները ունայն մտային հրահանգ մըն է։ Ամէն եկեղեցական ուսում վերջ ի վերջոյ կը նպատակադրէ սուրբերու գիտութեան, ողջ Աստուծոյ խորհուրդին ճանաչումին, իմաստութեան, որ Ս. Հոգւոյ պարգեւն է։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն ըսաւ ձեր մատուցած այս ծառայութիւնը մեծապէս օգտակար է եկեղեցւոյ։
Յայտնեց թէ կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ 1924ին եւ 25 տարի ետք, 60 տարի առաջ, ճանչուեցաւ Ս. Աթոռէն, եւ ունի որպէս բնաբան ''սորվել ծառայելու համար''







All the contents on this site are copyrighted ©.