2009-11-19 12:32:57

Լուրերե հայկական կեանքէն


Լուրերե հայկական կեանքէն
Դար մը ծառայութիւն՝ ՀՕՄի հարիւրամեակի խորհրդանիշի բացայայտում

Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) իր հարիւրամեակը կը բոլորէ 2010 թուականին։ Այս առիթով հարիւրամեակի յատուկ խորհրդանիշ մը ստեղծուած է, որ պիտի օգտագործըւի 26 երկիրներու մէջ ուր ՀՕՄը շրջաններու եւ մասնաճիւղերու միաւորներ ունի։ ՀՕՄ Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային Վարչութիւնը ստանձնած է խորհըրդանիշի բացման հանդիսութիւնը, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ։
Կլենտէյլի մէջ խորհրդանիշի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի կեդրոնատեղիին մէջ։ Իբրեւ հարիւրամեակի նախապատրաստական աշխատանք, այս ձեռնարկը կը ցոլացնէ նախատիպ մը այն ձեռնարկներուն, որոնք պիտի կազմակերպըւին տարբեր ցամաքամասերու վրայ, ՀՕՄի այլ միաւորներուն կողմէ։
Յայտնենք թէ ՀՕՄը հիմնուած է Նիւ Եորքի մէջ 1910ին։ Առաջին մասնաճիւղերը հիմնուած են Ֆրեզնոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը զատուած է Արեւելեան Շրջանէն եւ Գանատայէն 1984ին, եւ իր կեդրոնատեղին հաստատած է Կլէնտէյլի մէջ։ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանը կը շարունակէ ծառայել տեղական եւ համաշխարհային կարիքներուն։ ՀՕՄի ընկերային ծառայութեան եւ հոգեբանական կեդրոնները մեր հայրենակիցներուն համար ըմբռնելի եւ իրենց մտածելակերպին մօտիկ օժանդակութիւն կ՛ընծայեն, իրենց անձնական հարցերը լուծելու, եւ իրենց նոր միջավայրերուն ընտելանալու եւ առաւել ինքնաբաւ դառնալու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.