2009-11-19 12:46:28

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՍԱՐԳՍԵԱՆ - ԱԼԻԵՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՒՆԻԽԻ ՄԷՋ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ՝՝՝հարցումներ կառավարութեան՝՝ խորհրդարանական ժամուն ընթացքին յայտնեց որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները այս շաբթուան աւարտին Միւնիխի մէջ հանդիպում պիտի ունենան իրարու հետ։ Սերժ Սարգսեանի ու Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումին վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութենէն ետք։
ՀՀ Վարչապետը ելոյթով հանդէս եկաւ Հռոմ Պարենամթերային եւ Գիւղատնտեսական Կազմակերպութեան Համաժողովին
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը Հռոմի մէջ բերաւ իր մասնակցութիւնը Պարենամթերային եւ Գիւղատնտեսական կազմակերպութեան համաժողովին։ Իր միջամտութեան ընթացքին ՀՀ վարչապետը նշեց որ Հայաստանը կը կարեւորէ համագործակցութիւնը FAO-ի հետ, ինչպէս նաեւ այդ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացած եւ ներկայիս իրականացուող ծրագրերը։ Վարչապետը նշեց նաեւ, որ Հայաստանը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ 2010-ի Մայիս 10-14-ին Երեւանի մէջ հիւրընկալել FAO-ի՝ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանային 27-րդ համաժողովը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական NGO/Civil Society Organisation կազմակերպութիւններու խորհրդակցութիւնը։
ՀՀ նախագահը ընդունած է ռուսական հեռուստա-ռատիոընկերութիւններու ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ռուսական հեռուստատեսութեան օրերու նշման ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ գտնուող շարք մը ռուսական հեռուստա-ռադիոընկերութիւններու ղեկավարներու եւ մարզէն ներս այլ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՝՝Ռուսաստանեան հեռուստատեսութեան ակադեմիա՝՝ հիմնադրամի նախագահ, միջպետական մշակութային համագործակցութեան հարցերով ՌԴ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյը։ Հիւրերը ՀՀ նախագահին ներկայացուցած են հայ գործընկերներու հետ քննարկումներու արդիւնքները, հանդէս եկած են առաջարկութիւններով։ Մասնաւորապէս, խօսուած է հայկական եւ ռուսական հեռուստա-ալիքներու համատեղ հեռուստանախագիծեր ձեռնարկելու, հայ լրագրողներու եւ արտադրողներու համար ռուսական կեդրոնական հեռուստաալիքներու մէջ մասնագիտական վերապատրաստման, համատեղ սեմինարներու անցկացման հնարաւորութիւններու մասին։ ՀՀ նախագահը հայ-ռուսական մշակութային համագործակցութեան զարգացման գործի մէջ ներդրած աւանդի համար ՝՝Ռուսաստանեան հեռուստատեսութեան ակադեմիա՝՝ հիմնադրամի նախագահ Միխայիլ Շվիտքոյը պարգեւատրած է Մովսէս Խորենացիի մետալով։
Շուրջ 100 հայ ուսանողներ Իրենց Ուսումը Կը Ստանան Արտասահմանեան Կրթական հաստատութիւններու մէջ։
Այս տարի շուրջ 100 հայ ուսանողներ տարբեր կրթաթոշակային ծրագրերով ուղղարկուած են արտասահմանեան տարբեր կրթարաններ, ուսանելու համար։ Այս մասին ՝՝Panorama.am՝՝ կայքէջին արտայայտուած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Միջազգային համագործակցութեան՝ կապերու բաժնի պետ Վահէ Գրիգորեանը։ Ան ըսած , որ այդ ուսանողներու մէկ մասը մեկնած է արտասահմանեան ԲՈՒՀ-երուն մէջ ուսանելու՝ բարձրագոյն տիտղոսներու արժանանալու ծրագրերով, ինչպէս նաեւ կան ուսանողներ, որոնք մեկնած են մասնակցելու 10-ամսեայ վերապատրաստման դասընթացքներու։ Կրթաթոշակային ծրագրերը կիրականացուին միջպետական պայմանագրերու հիմամբ։ Այս տարի մեծ թիւով հայ ուսանողներ մեկնած են Ռուսաստանի, Սուրիոյ, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Չինաստանի, Սլովաքիոյ կըր-թարաններէ ներս ուսում ստանալու համար։ Իսկ միւս կողմէ Հայաստանի ԲՈՒՀ-երուն մէջ կ՝ուսանին շուրջ 6000 օտար ուսանողներ։ Արդարեւ ներկայիս Հայաստանի բարձրագոյն կրթարաններուն մէջ ուսում կը ստանան շուրջ 6 հազար օտարերկրեայ ուսանողներ։ Այս մասին յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը։ Ան նշած է, որ երկրէն ներս ուսում ստացող օտարերկրեայ ուսանողներու ցուցանիշով մենք բաւական լաւ դիրք կը զբաղեցնենք աշխարհի մէջ, սակայն Հայաստան ունի աճի մեծ ներուժ։ Նախարար Աշոտեան տեղեկացուցած, որ շատ երկիրներ շահագրգռուած են իրենց ուսանողները Հայաստանի ԲՈՒՀեր ուղարկելու, այդ երկիրներէն մէկն է նաեւ Քուէյթը։ ՀՀ նախագահի՝ վերջերս Քուէյթ կատարած այցելութեան ընթացքին այդ երկրի ղեկավարութիւնը շահագրգռուածութիւն յայտնած է այս նիւթի կապակցութեամբ, մասնաւորապէս՝ բժշկական ԲՈՒՀեր։ ՀՀ կրթութեան նախարարի խօսքերով, անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել կրթութեան բարձր որակին, քանի որ այդ հարցը երկրի հեղինակութեան հարց է։







All the contents on this site are copyrighted ©.