2009-11-18 14:14:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը
Չորեքշաբթի նոյեմմբեր 18 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու, Պօղոս Զ անուան սրահը։
Սրբազան Հայրը, այսօրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Միջին դարու ճարտարապետական քրիստոնեական գեղարուեստի ծաղկումի մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Միջին դարու քրիստոնեական հաւատքը խթանը եւ ներշնչարանը եղաւ տիեզերական քաղաքացիութեան ամնեաբարձր գեղարուեստի ստեղծումին, ճշմարիտ փառքը քրիստոնեայ իջին Դարուն։ Այդ կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ վանականութեան հոգեւոր եռանդին, որուն շնորհիւ կառուցուեցան աբբայական եկեղեցիներ, ուր ծիսակատարութիւնը մեծ վայելջութեամբ ու հանդիսութեամբ կը կատարուէր եւ ուր հաւատացեալները կանգ կ'առնէին աղօթելու եւ զմայլելու։ Այսպէսով ծնունդ առին եկեղեցիները ու տաճարները, դիտել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Հետաքային, յառեց Սրբազան Հայրը, կոթիկ տաճարները խորհրդանիշը եղան կառուցողներու խոր հաւատքին։ Ամէնքը կը մասնակցէին տաճարներու կառուցումին ու զարդարումին եւ ուր հաւատացեալները հաւատքին մէջ կը դաստիարակուէին։
Այսօր, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, Եւրոպայ ծնունդ առած այս գլուխգործոցները, անհսկնալի են եթէ նկատի չառնենք այդ շինարարներու կրօնասիրութիւնը։ Երբ հաւատքը կը հանդիպի գեղարուեստին մեծ ներդաշնակութիւն մը կը ստեղծուի, որովհետեւ հաւատքն ու գեղարուեստը կարող են եւ կ'ուզեն խօսիլ Աստուծոյ մասին, դարձնելով Անտեսանելին տեսանելի։
Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ յառաջիկայ նոյեմբեր 21ին այդ մասին կ'ոզեմ բաժնել այս խորհրդածութիւնը գեղարուեստի աշխարհին հետ։ Թող Տէրը օգնէ մեզի գեղեցկութեան մէջ վերագտնել ճանապարհը որ կը տանի Աստուծոյ հետ հանդիպումին։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ ստեղծագործութեան գեղեցկութիւնը ու գեղարուեստի գործերը, Հռոմի մէջ բազմաթիւ, օգնեն ձեզի հանդիպելու Աստուծոյ ու զայն սիրելու։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ այսօր եկեղեցի կը մեծարէ ս. Պետրոս եւ Պօղոս տաճարներու յիշատակը։ Այս տօնը առիթ մըն է ի յայտ դնել նշանակութիւնը եւ արժէքը Եկեղեցւոյ։
Ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կոչը ըրաւ. Ուրբաթ օրը Միացեալ Ազգերու մօտ պիտի վերակոչուի մանուկներու աղօթքի համաշխարհային օրը, Մանուկներու իրաւոպւնքի հաստատման 20րդ տարեդարձին առթիւ։ Հոս կ'ուզեմ ողջունել աշխարհի բոլոր մանուկները եւ յատկապէս անոնք որոնք դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ու կը տառապին բռնութիւններու, շահագործումի, պատերազմի ու սովի հետեւանքով։
Կը հրաւիրեմ ամէնքդ միանալու աղօթքիս եւ կոչ կ'ուղղեմ միջազգային հասարակութեան որպէսզի բազմապատկէ իր ջանքերը ընդառաջելու մանուկներու ողբերգական հարցերուն ու բոլոր պետութիւններէն ճանչցուին մանուկներու իրաւունքը։
իսկ այժմ լսելի կ`ընենք Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի տուած օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.