2009-11-18 12:56:40

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ։
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունուած է Հանրապետական կուսակցութեան շարքերը։ Ըստ անոր, վարչապետին կողմէ աւելի կանուխ ներկայացուած դիմումը քննարկուած է կուսակցութեան գործադիր մարմնի նիստին եւ դրական պատասխան ստացած է։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՏԷՏԷԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ։
Ճարտարարուեստի նոր նշանակուած նախարար Աբրահամ Տէտէեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Շաղզոյեան կեդրոն եւ տեսակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն հետ։ Նախարար Տէտէեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կեդրոնական Կոմիտէին՝ իր անձին նկատմամբ ունեցած վստահութեան եւ զինք իբրեւ նախարար առաջադրելուն համար։ Տեսակցութեան ընթացքին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին վրայ։
ԵԱՀԿ-Ի ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾՈՒԻՆ ՆԱԽԱՊԷՍ ԸՆԴՈՒՆՈՒԱԾ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ( ԿԸՍԷ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎ)։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ղազախստանցի գործընկերոջ՝ Կանատ Սաուտապայեւի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի տարածքին տագնապները, ինչպէս՝ Ղարաբաղի, Մերձտնեսթրի եւ Քոսովոյի տագնապները, պէտք է լուծուին նախապէս ընդունուած ձեւաչափով։ Լաւրով վստահութիւն յայտնեց, որ Ղազախստանը ԵԱՀԿ-ի նախագահի պաշտօնին մէջ պատասխանատու կերպով կը մօտենայ այդ խնդիրին։ 2010-ին ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Ղազախստան, որ այդպիսով պիտի դառնայ նախկին խորհրդային առաջին երկիրը, որ կը դառնայ կազմակերպութեան նախագահ։ Երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները նաեւ քննարկած են Կասպից ծովու իրաւական կարգավիճակին վերաբերող հարցերը։ Այդ կապակցութեամբ Լաւրով յայտարարած է, թէ խնդիրի լուծման գործին մէջ որեւէ ճգնաժամ չկայ։
ՆՈՐՎԵԿԻԱՆ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽԱՌՆՈՒԻՆ (ԿԸՍԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ)։
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վաքիֆ Սատիքով յայտնած է, որ Պաքուի մէջ Նորվեկիոյ եւ Գերմանիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատարներ Լարս Հանսեն եւ Փիթըր Զեկլեր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են այն պատճառով, որ այդ երկու երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մեկնաբանութիւնները՝ կապուած երկու պլոկըրներ Ատնան Հաճիզատէի եւ Էմին Միլլիի դատավճիռին, ազրպէյճանական կողմին գնահատումով անհիմն են եւ չեն համապատասխաներ Ազրպէյճանի հետ այդ երկիրներու յարաբերութիւններու մակարդակին։ Ատիկա նկատուած է նաեւ իբրեւ Ազրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ։ Պլոկըրներու բանտարկութեան դատապարտումի հարցով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն քննադատութիւն ուղղած են նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը, Եւրոպական խորհուրդը եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան շարք մը արեւմտեան կազմակերպութիւններ։
ԹՈՒՐՔԻԱ ՏԱՍՆԵԱԿ ՏԱՐԻՆԵՐՈՎ ԵՏ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ։ Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Երզի Պուզեք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար Թուրքիա տակաւին տասնեակ տարիներու կարիք ունի։ Ըստ ՝՝Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան, սպանական թերթի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին Պուզեք ըսած է, թէ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւնը նեղ կացութեան մէջ դրած է երկիրը։ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու իմաստով Թուրքիա միւս երկիրներէն շատ տարբեր դիրքի վրայ կը գտնուի։ Միութեան չափանիշներուն հասնելու եւ անոր պայմանները ամբողջացնելու համար Թուրքիա տակաւին տասնեակ տարիներու կարիք ունի(ըսած է Երզի Պուզեք)։


 







All the contents on this site are copyrighted ©.