2009-11-17 13:25:50

ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։


ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։

ՌՈՒԱՆՏԱ։ Երկրի Սահմանադրութիւնը կ՝երաշխաւորէ կրօնքի ազատութիւն։ Քաղաքական կուսակցութիւններուն արգիլուած է որեւիցէ զանազանութիւն որ հիմնուած ըլլայ՝ ցեղային ,ցեղախմբային ,ազգատոհմային,խմբային ,աշխարհագրական ծագումի ,սեռային,կրօնքի կամ այլ խտրական դատանիշերու վրայ։ Օտարազգի միսիոնարները ու անոնց կապ կրօնաւորական մարմինները ու խումբերը կրնան գործել առանց արտօնութեան,բայց պէտք է որ յայտարարեն իրենց գործունէութիւնը ու իրենց գործունէութեան նպատակը տեղական իշխանութեանց, ձեռք ձգելու համար՝՝առժամեայ արտօնութիւն մը՝՝։ Պետութիւնը կը պահաջէ որ կրօնական հանդիպումները տեղի ունենան պաշտամունքի վայրերու մէջ եւ ոչ թէ բնակարաններու մէջ։ Ռուանտայի բնակչութիւնը կը հաշուէ 9 միլիոնէն քիչ մը աւելի,որու հարիւրէն 82,7 տոկոսը քրիստոնեաներ,հարիւրէն 9 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ,ապա հարիւրէն 7,9 տոկոսը մահմէտականներ, հուսկ հարիւրէն 0,4 տոկոսը այլ հաւատքի պատկանողներ։ Ռուանտայի մէջ կաթողիկէներու թիւը 4.508.000 է, անոնք ունին եկեղեցական 9 գաւառներ եւ 10 Եպիսկոպոսներ։ Կան նաեւ տեղաբնակ մէկ քահանայով՝155 Ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.