2009-11-17 13:24:57

Թարգմանիչներու Յիշատակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ։


Թարգմանիչներու Յիշատակին Նուիրուած Գրական Երեկոյ։
Գոքինիա - Հաւատարծարծ մթնոլորտի մէջ, վերջերս Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդի Ս. Սահակի, Ս. Մեսրոպի եւ անոնց սքանչելագործ թարգմանիչ աշակերտներուն, Կորիւնի, Եզնիկ Կողբացիի, Մովսէս Խորենացիի եւ նման այլ թարգմանիչներու յիշատակին նուիրուած գրական երեկոն որ կազմակերպուած էր Գոքինիոյ Թաղային մարմնոյ վարչութեան կողմէ։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց տիկ. Լուսի Մովսէսեան որ սեղմ տողերու մէջ պատմականը ըրաւ հայ գրերու գիւտին, Աստուածաշունչի թարգմանութեան, հայ գրականութեան ոսկեդարուն, նշելով որ հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը եւ տեւականացումը կը պարտի հայ գրերու գիւտին։
Յայտագրի գործադրութեան անցնելով, բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօսը Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վարագ քհնյ. Յովսէփեանը որ իր իւրայատուկ գրական ոճով, ներկայացուց գրերու գիւտին եւ Աստուածաշունչի թարգմանչական աշխատանքին ամբողջական պատկերը, շեշտելով մշակոյթի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորելու համար ժողովուրդներու ազգովին գոյութիւնն ու տեւականացումը։
Անդրադարձաւ քրիստոնէութեան պետականացումէն ետք մեր երկրէն ներս տիրող քաղաքական անբարենպատ պայմաններուն որոնք հրամայական դարձուցին հայերէն գրերու անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու համար մշակոյթ եւ մշակոյթի ճամբով կերտելու հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծն ու ինքնագիտակցութիւնը։ Կայունացնելու համար քրիստոնէական հաւատքը, ապահովելու համար հայրենի հողերու անձեռնմխելիութիւնը եւ փրկելու համար զայն սպառնացող ձուլումի ստոյգ վտանգէն։
Տէր հայրը խորացաւ մեր եկեղեցւոյ զոյգ սրբազան սիւներուն Սահակի եւ Մեսրոպի սրբամաքուր կեանքին, անոնց աշակերտներուն հսկայական եւ նուիրական ստեղծագործական աշխատանքին, գրերու գիւտին յաջորդող գրականութեան ոսկեդարուն որ ծաղկեցուց հայ մշակոյթը եւ եկեղեցին եւ ժողովուրդին ներշնչեց ինքնագիտակցութեան ոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.