2009-11-17 12:50:58

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
Վարչապետ Սարգսեան Հռոմի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու ՄԱԿ-ի Պարենամթերային եւ Գիւղատնտեսական կազմակերպութեան այն է ֆԱՕ-ի վեհաժողովին։ Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալավերտեան, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ, կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի վարչապետը ելոյթ պիտի ունենայ Պարենամթերային եւ Գիւղատնտեսական կազմակերպութեան վեհաժողովին։Հանդիպումներ կը նախատեսուին ՄԱԿ-ի Պարենամթերային ի եւ Գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնի, Գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի նախագահին, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային Պարենի ծրագիրի գործադիր տնօրէնին հետ։
Երոպական Միութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Գծով Լուրջ Դեր Կրնայ Խաղալ եւ Պիտի Խաղայ (Կը Յայտարարէ Փիթըր Սեմնեպի)։ Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի Ազրպէյճան իր այցելութեան ընթացքին (15 նոյեմբերին)յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ լուրջ դեր կրնայ խաղալ եւ պիտի խաղայ։ Ան յիշեցուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն, նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն յաճախակի հանդիպումները։ Տագնապի լուծման գործին մէջ ասիկա դրական երեւոյթ է, (ընդգծած է Սեմնեպի)յոյս յայտնելով, որ գործընթացը կը շարունակուի։Միեւնոյն ատեն ան նշած է, որ չի կրնար մեկնաբանել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու նոյեմբերին տեղի ունենալիք հանդիպումը։
Ականի Վնասազերծում Հայկական Հիւլէական Կայանին Մօտ։ Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ հայկական հիւլէական կայանէն ոչ հեռու ական մը վնասազերծուած է։ Նախանցեալ օր՝ երեկոյեան, ահազանգ մը հնչած է,քանի ի յայտ եկած է, որ հիւլէական կայանին մօտ 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ ական մը կը գտնուի։ Փրկարար ծառայութեան, ոստիկանութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անմիջապէս դէպքին վայրը եկած են։Պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական յատուկ մէկ կազմը ականը անվտանգ վայր տեղափոխած ու վնասազերծած են։ Վիրաւորներ կամ զոհեր չեն արձանագրուած։
Ազրպէյճանի Եւրոպական Խորհուրդի Անդամակցութիւնը Կրնայ Հարցականի Տակ Առնուիլ ։ Եւրոպական խորհուրդի արտաքին գործոց նախարար Թորպյիօրն Եակլանտ քննադատած է Ազրպէյճանի մէջ երկու պլոկըրներու ձերբակալութիւնը, նշելով որ եթէ Ազրպէյճանի վրայ կարելի չէ ազդել Եւրոպական Խորհուրդին նկատմամբ անոր պարտաւորութիւններու միջոցով, ապա միջազգային կազմակերպութեան մէջ այդ երկրի անդամակցութեան գծով հարց կը ծագի։՝՝Ես շատոնց կը հետեւիմ Ազրպէյճանի մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն, այդ պատճառով կրնամ ըսել, որ մենք զարմացած չենք։ Սակայն մենք շատ անհանգստացած ենք այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ու ժողովրդավարութեան վիճակով։ Եւրոպական Խորհուրդը չունի միջոցներ եւ լծակներ,իրավիճակը անմիջապէս շտկելու։ Սակայն մենք կը հաւատանք, որ ժամանակի ընթացքին ատիկա իր ազդեցութիւնը կը ձգէ Եւրոպական Խորհուրդի մէջ Ազրպէյճանի ներկայութեան հարցին վրայ՝՝ ըսած է ան։

Թուրք Լրագրողուհի Նակեհան Ալչը Ղարաբաղը Հարիւր Տոկոսով Հայկական Տարածք Կը Նկատէ։ Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան տուած տեղեկութիւններով Արցախ այցելած թուրք լրագրողուհին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանայ բացառապէս հայկական տարածք։ «Մենք Թուրքիոյ մէջ սխալած ենք, Ղարաբաղը հարիւր տոկոսով հայկական տարածք է, եւ մենք հասկցած ենք, որ հայերը վճռականօրէն պիտի չզիջին իրենց տարածքները», յայտնած է թրքական ՝՝Աքշամ՝՝ թերթի լրագրող Նակեհան Ալչը։ Ան նշած է, որ ինք իր թերթի գլխաւոր խմբագիրէն խնդրած է, որ զինք գործուղղեն Արցախ, որպէսզի  ամէն ինչ գնահատէ սեփական աչքերով: Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին, լրագրողուհին նշած է, որ իրենց կառավարութեան ներկայացուցիչները կը նշեն, թէ սահմանը պիտի բացուի միայն ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք: «Կ՛ապրինք,եւ կը տեսնենք»(ըսած է ան): Լրագրողուհին միաժամանակ յոյս յայտնած որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանները մօտիկ ապագային կը բացուին, սակայն կ՝ընդունի թէ Արցախի տագնապը կրնայ այդ նպատակին դէմ լուրջ խոչընդոտ մը ըլլալ:
Թուրքիա Անկեղծ Միջնորդ Մը Չի Կրնար Ըլլալ Կ՝ըսէ Նեթանիահու ։ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը յայտնէ, թէ Թուրքիա Սուրիոյ հետ բանակցութիւններու անկեղծ միջնորդ մը պիտի չըլլայ։ Թրքական ՝՝Հիւրրիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կիրակի օր իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի նիստին մասնակցած աղբիւր մը հաղորդած է, որ Նեթանիահու նիստի ընթացքին յայտնած է, թէ Իսրայէլ պատրաստ է Սուրիոյ հետ բանակցելու, նախընտրաբար ուղղակի կերպով։ Ըստ սոյն աղբիւրին, Նեթանիահու յայտնած է, որ եթէ բանակցութիւնները միջնորդի մը միջոցով պիտի ըլլան, ապա միջնորդը պէտք է անկեղծ միջնորդ մը ըլլայ։ Նեթանիահու նշած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան արդար միջնորդ մը չէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.