2009-11-16 13:19:00

Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Նիկերիան


Ճանչնանք Քրիստոնեայ Ափրիկէն։ Նիկերիան

ՆԻԿԵՐԻԱ։ Նիկերիան Դաշնակցային Հանրապետութիւն մըն է կազմուած 36 պետութիւններէ, առաւել Դաշնակցային Մայրաքաղաք Ապուժալա-ի հողամասը։Սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւն։ 2000 թուականէն սկսեալ սակայն դաշնակցութեան 12 պետութիւնները սկսան Շարիան կիրարկել,ըլլայ ընտանեկան իրաւակարգի ըլլայ պատժական իրաւակարգի մէջ։ Սկզբունքով Շարիայի օրէքները չեն կիրարկուիր այլ դաւանանքներու հաւատացեալներուն,բայց ոչ-մահմէտականներու կեանքը կը տարբերի պետութենէ պետութիւն։ Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը գործօն է մասնաւորաբար շնորհիւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու նախաձեռնութիւններուն։ Նիկերիայի աւելի քան 138 միլիոն բնակիչներու հարիւրէն 45 տոկոսը քրիսատոնեայ է,հարիւրէն 43,9 տոկոսը

մահմէտական, հարիւրէն 9,8 տոկոսը ափրիկեան աւանդական կրօններու հետեւորդներ իսկ հարիւրէն 0,4 տոկոսը այլ հաւատքի պատկանողներ։ Նիկերիայի կաթողիկէներու թիւը 21.579.000 է, անոնք ունին եկեղեցական 52 գաւառներ եւ 63 Եպիսկոպոսներ։ Իսկ տեղաբնակ մէկ քահանայով կան 2.292 Ժողովրդապետութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.