2009-11-16 13:23:33

Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 16 Նոյեմբերէն Կիրակի 22 Նոյեմբեր 2009։


Ծիսական Ժամանակացոյց

Երկուշաբթի 16 Նոյեմբերէն Կիրակի 22 Նոյեմբեր 2009։

Երկուշաբթի 16 Նոյեմբերը Յիսնակաց պահոց Ա. օրն է

Իսկ Շաբաթ 21 Նոյեմբերին՝ տօնն է Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ ընծայման։

Սուրբ Աստուածածնի առաջին կեանքը չէ յիշուած աւետարաններուն մէջ, բայց աւանդութեամբ գիտենք թէ Մարիամ իր ծնողներուն՝ Յովակիմի եւ Աննայի ամլութեան զաւակն եղած է եւ ուխտով ստացուած։ Եւ այս ուխտին համեմատ. Յովակիմ եւ Աննա իրենց միամօր զաւակը՝ Մարիամը երեք տարեկանին տաճարին կ՝ընծայեն որպէսզի հոն նուիրուած այրերուն եւ կոյսերուն հսկողութեան ներքեւ, աստուածապաշտութեան մէջ զարգանայ եւ տաճարին ծառայէ։

Այս ընծայման կամ նուիրման տօնը կը կատարենք հաստատապէս ամէն տարի 21 Նոյեմբերին որ օրն ալ հանդիպի, հետեւելով Յոյն եւ Լատին եկեղեցիներու սովորութեան, իբր զի այդ տօնը մեր տօնացոյցերուն մէջ բնաւ չ՝երեւիր եւ հազիւ երեք դարէ ի վեր մուտք գտած է մեր մէջ, նախ կարեւոր եղած եւ յետոյ պարտաւորիչ դարձած է։

Կիրակի 22 Նոյեմբերը Յիսնակի առաջին Կիրակին է եւ Բարեկենդան Յիսնակի

Յիսնակաց, Ծնունդ, Յայտնութիւն. քիչ թէ շատ նոյնիմաստ բառեր են։ Այս երեք բառերը, կը յիշեցնեն մեզի Քրիստոսի Գալուստը՝ մարդեղութիւնը։ Յիսնակաց շրջանը նախապատրաստութիւն մըն է Յիսուսի Գալստեան։

Ծնունդի շաբաթը կը յիշատակենք մարմնացած ԲԱՆԻՆ խորհուրդը ։ Յայտնութեան տօնին՝ Մարդու Որդին կը յայտնուի մեզի իբր Մեսիան։

Յիսնակացին կէտնպատակն է՝ բարձրացնել մեր աչքերը դէպի ապագայ, սպասելով փառաւորեալ Քրիստոսի Գալստեան։ Վառ հաւատքով պատրաստուինք յիշատակելու Յիսուսի Գալուստը մարդոց միջեւ, Բեթղեհէմի քարայրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.