2009-11-16 13:23:47

Լուրեր հայկական կեանքէն

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ 40 ՕՐԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ


Լուրեր հայկական կեանքէն

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ 40 ՕՐԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Վերջերս Սունդուկեանի անուան պետական ակադեմական թատերասրահին մէջ ցուցադրուած է Ֆ Վերֆելի՝ Մուսա լերան 40 օրերը խորագիրով ներկայացումը։

Ներկայացման բեմադրիչ Արմէն Էլբակեան յայտնած է, որ այս գործը հիմնականօրէն պատրաստած է, այն պատճառով, որ այնպէս ինչպէս ռուսերը կրնան հպարտանալ Պատերազմ եւ խաղաղութիւն վէպով, նոյնպէս մենք կրնանք հպարտանալ Ֆ Վերֆելի գրած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան մասին։

Նշենք, որ ներկայացման հիմնական նիւթը գլխաւոր հերոսին՝ Բագրատեանին հարազատներուն երկրին մէջ ջարդ սկսելուն մասին տեղեակ չըլլալն է։ Հերոսը որոշած է, պատերազմին պատճառով, ընտանիքը արտասահման ուղարկել, սակայն կնոջ սէրն ու հաւատքը՝ միասնականութեան հանդէպ, հերոսին նոր ուժ կու տայ։ Այս ծրագիրը կատարուած է մշակոյթի նախարարութեան նիւթական օժանդակութեամբ։



ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՆԿԱՐԱԶԱՐԴՈՒՄՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մարտիրոս Սարեանի անուան տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է Սարեանի գիրքերուն նկարազարդումներուն նուիրուած ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են Սարեան գեղանկարիչի ստեղծագործութեան համեմատաբար նուազ յայտնի եւ նուազ ուսումնասիրուած հատուածները։

Մ Սարեանի նկարազարդումներու շարքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն հայկական ժողովրդական հեքիաթներուն համար կատարուած աշխատանքները՝ Սուտլիկ որսկանէն մինչեւ Քաջ Նազար։ Հետաքրքրական են Ա Իսահակեանի Աբու Լալա Մահարի, Ֆիրտուսիի Շահ-նամէի եւ այլ յայտնի ստեղծագործութիւններու նկարազարդումները։

Ըստ Մ Սարեանի թոռնուհիին եւ տուն-թանգարանի տնօրէնուհիին՝ Ռուզան Սարեանի, Մ Սարեանի գիրքերէն ցուցադրուած այս նկարազարդումներէն շատերը չեն ցուցադրուած նախորդ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին։

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած նկարազարդումները առնուած են Մ Սարեանի անուան տուն-թանգարանին մէջ պահուող գործերէն, ինչպէս նաեւ՝ Ազգային պատկերասրահին եւ նկարիչի ընտանիքին հաւաքածոներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.