2009-11-16 13:52:09

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։



ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Բ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ՝ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ։

Ուրբաթ, 13 նոյեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եռօրեայ պաշտօնական եւ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիա։Վեհափառի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Աւագ արք Ասատուրեան, Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Եզնիկ արք Պետրոսեան, Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս Մնացականեան, Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի լուսարարապետ Արարատ եպս Գալթագճեան, գաւազանակիր Յովնան աբղյ. Յակոբեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։ Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Սուրիոյ Ազգային ժողովի նախագահի, վաքըֆներու նախարարի եւ Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսունի հետ։ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի աշխուժ դերակատարութիւնը, միւս կողմէ՝ շեշտուեցաւ Սուրիոյ զաւակներու համատեղ ապրելու իւրայատկութիւնը։

Վեհափառը այցելեց Կ. Կիւլպենկեան յառաջապահ վարժարան, Ազգային միացեալ վարժարան եւ Թարգմանչաց վարժարան, ուր իր հայրական խօսքը ուղղեց աշակերտներուն։ Վեհափառը Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ կիրակի, 15 նոյեմբերին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատույց հայրապետական Ս. Պատարագ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Ումաուիներու մզկիթը եւ սուրիական ազատարուած Քունէյթրա քաղաքը։

Միջկրօնական հանդիպումներու ծիրին մէջ Վեհափառը հանդիպումներ ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Զաքքա Ա. Իուասի, Անտիոքի Յոյն Պատրիարք Իգնատիոս Դ. Հազիմի,եւ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կրիկորիոս Գ. Լահհամի հետ։



ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐՔՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔ ՆԿԱՏԵԼՈՒ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ Է։ Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը ուրբաթ օր 60 օրով յետաձգեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելը քրէական յանցանք նկատելու ՀՅԴ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան առաջարկած նախագիծին քննարկումը։ Նախագիծը կառաջարկէր քրէական պատիժ սահմանել օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու, մեղմացնելու, անոր համաձայնութիւն տալու, զայն արդարացնելու կամ ուրանալու փորձ կատարող ոեւէ անձի։

Յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան յետաձգման որոշումը պատճառաբանած է անով, թէ յետաձգումը կարեւոր է յատկապէս այս հանգրուանին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն առնչութեամբ Սահմանադրական դատարանը տակաւին մեկնաբանութիւն չէ կատարած, իսկ քննարկումները կը շարունակուին։Ես Հայաստանի մէջ նման քայլ առնելու քաղաքական հիմք չեմ տեսներ, (շարունակած է ան)աւելցնելով, որ քրէական օրէնսդրութեան մէջ փոփոխութիւն կը կատարուի այն ատեն, երբ երկիրը կը մտահոգուի տուեալ իրողութեամբ։ Յարութիւնեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ այս իմաստով դիրքորոշումները ամուր են, եւ նման քայլերու եւ օրէնքներու կարիք չկայ։

Ըստ ՄԱԿի Պաշտօնատարին՝ ԵԱՀԿը Պէտք Է Առաջատարը Մնայ Ղարաբաղի Հարցի Լուծման Գործին Մէջ։

ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի մարդկային  հարցերով տեղակալ Ճոն Հոլմսը ունի այն կարծիքը , որ ԵԱՀԿը պէտք Է պահպանէ իր առաջատար դերը Հարաւային Կովկասի մէջ, մասնաւորապէս՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ: «Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ վերջին ժամանակներս որոշակի աշխուժացում կը դիտուի, որ յուսադրող Է», ըսած է Հոլմսը եւ իր աջակցութիւնը յայտնած՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբին որդեգրած ռազմավարութեան ու սկզբունքներուն: ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալին կարծիքով՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի գործընթացը պէտք Է առաւել արդիւնաւէտ դառնայ: «Չնայած այն բանին, որ այդ գործընթացը դժուար պիտի ըլլայ ե՛ւ Ատրպէյճանի ե՛ւ Հայաստանի համար, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը կը  համապատասխանէ երկու կողմերու շահերուն», աւելցուցած Է Հոլմսը:



Հանդիպում Քալիֆորնիոյ Նահանգի Ծերակուտական Քարոլ Լուիի Հետ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Կիրակի, Նոյեմբեր Ութին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ առիթը ունեցան խորհրդակցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Քարոլ Լուիի հետ, որ կը ներկայացնէ Ծերակոյտի 21րդ ընտրատարածքը, ներառեալ Փասատինան:

Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Իշխան Պօղոսեան յայտնած թէ ծերակուտականը միշտ գործօն դաշնակից մը եղած է հայ  համայնքին եւ նեցուկ կանգած է զայն յուզող մարդկային իրաւանց ու կրթական ծրագիրներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.