2009-11-15 13:29:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը



Կիրակի, Նոյեմբեր 15 , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ձեզ ամէնքդ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ ծիսական այս տարւոյն աւարրտին։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ, որ մեզի շնորհեց հաւատքի այս ճանապարհը Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին մէջ։ Ասիկա անգնահատելի պարգեւ մըն է, որ առիթ կու տայ ապրելու Քրիստոսի խորհուրդը։

Սիրելիներ, մենք հրաւիրուած ենք խորհրդածելու ժամանակին մասին որ կ'անցնի, ոչ թէ ցաւելու այլ գնահատելու ներկայցող նորութիւնը։

Այսօրուան Աւետարանին մէջ, Յիսուս մեզի կ'ըսէ. աւելորդ է հարցադրել ժամանակի լրումին մասին։ Մեր կեանքի ամէն մէկ պահը Քրիստոսի ակնարկին ներքեւ դնենք։ Յիսուս իր կեանքը մեզի նուիրելով, ամէն ինչ կատարեց։ Ան է մեր յոյսը, որովհետեւ ամէն օրը կը ներմուծէ մեր պատմութիւնը յաւիտենականութեան մէջ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. թող Տէրը օրհնէ ամէնքդ եւ ձեր սիրելիները։ Բարի կիրակի ամէնուդ։

իսկ այժմ լսենք Սրբազան Քահանայապետին տուսած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.