2009-11-15 13:30:43

Հայկան Պոլիսը – Կրթական Վիճակը Օսմանեան Գաւառներու մէջ։


Հայկան Պոլիսը – Կրթական Վիճակը Օսմանեան Գաւառներու մէջ։



Կրթական շարժումը Պոլիսէն տարածուեցաւ նաեւ դէպի գաւառներ, եւ աստիճանաբար նորանոր դպրոցներ բացուեցան Օսմանեան կայսրութեան հայաշատ բոլոր քաղաքներուն եւ շատ մը գիւղերու մէջ։ Մինչեւ այդ ժամանակները հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը անգրագէտ էր, մանաւանդ՝ իգական սեռը, բայց 1870-1880-ական տարիներէն սկսեալ գրաճանաչութիւնը արագօրէն տարածուեցաւ։ Գաւառներուն մէջ կրթութեան տարածման զարկ տուին ազգային իշխանութիւնները, մշակութային ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկացի եւ մասամբ նաեւ գերմանացի բողոքական եւ կաթողիկէ միսիոնարները։

Գաւառի մէջ ժամանակի հասկացողութեամբ առաջին դպրոցը եղաւ Վարագայ վանքին Ժառանգաւորաց վարժարանը, որ հիմնուեցաւ 1857-ին, վանահայր Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեանի ջանքերով։ Վանի մէջ առաջին անգամ հոն աշակերտներուն տրամադրուեցան սեղաններ, գրատախտակ, քարտէսներ եւ բնագիտական նկարներ, եւ կիրարկուեցան մանկավարժութեան ժամանակակից կերպերը։ Ժառանգաւորացը ունէր նաեւ գրադարան, թանգարան եւ տպարան։ Հոն կը տպագրուէր Արծուի Վասպուրականը։

Կիլիկիոյ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան առաջարկով եւ ամերիկեան Պորտ միսիոնարութեան ջանքերով 1876-ին բացուեցաւ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլեճը։ Կրթական բարձրագոյն այս հաստատութիւնը մեծ դեր ունեցաւ յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ կրթութեան տարածման մէջ։

Խարբերդ եւ անոր կողքին գտնուող նահանգային կեդրոն Մեզիրէ, իրենց արդիական ձեռնարկութիւններով, Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն ներմուծուած մեքենաներով Արեւմտեան Հայաստանի զարգացած քաղաքներն էին եւ բողոքական ու կաթոլիկ միսիոնարներու գործունէութեան կեդրոնները։ Բողոքական միսիոնարներ սկիզբէն իրենց գործունէութեան կեդրոն ընտրած էին Խարբերդը, եւ անոնց շնորհիւ մեծ թիւով խարբերդցիներ քաղաքէն եւ անոր ոսկեղէն դաշտի գիւղերէն գաղթած էին Ամերիկա։ Այս բոլորը նպաստեցին գաւառի մշակութային աննախընթաց վերելքին։

Խարբերդի Աստուածաբանական ճեմարանը հիմնուեցաւ 1859-ին, բողոքական միսիոնարներուն կողմէ, եւ կարճ ժամանակէն համազգային հռչակի արժանացաւ։ Հոն կը դասաւանդէին հայերէն, գրաբարի եւ աշխարհաբարի քերականութիւն, հայոց պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, տիեզերագիտութիւն, մարդակազմութիւն, առողջապահութիւն եւ ընդհանուր զարգացման գիտելիքներ։

Խարբերդի Վերի կամ Ս Յակոբի թաղին Եփրատ քոլեճը (մինչեւ 1888-ը՝ Արմենիա քոլեճ) հիմնուեցաւ 1878-ին, ամերիկացի միսիոնար Հուիլըրի նախաձեռնութեամբ։ Դասաւանդումը կը կատարուէր ամերիկեան քոլեճներու ծրագիրով։ Ունէր տղոց եւ աղջկանց գիշերօթիկ առանձին յարկաբաժիններ, հիւանդանոց, դեղարան, արհեստանոցներ, մօտաւորապէս ութսուն հազար հատոր հաշուող հարուստ գրադարան, բուսաբանական, երկրաբանական եւ կենդանաբանական թանգարաններ, բնագիտական տարրալուծարան եւ տպարան, ուրկէ լոյս կը տեսնէր Եփրատ հանդէսը։

Խարբերդի Ազգային կեդրոնական վարժարանը հիմնուեցաւ 1887-ին անոր տնօրէնը եղաւ Թլկատինցին, եւ անոր անունով ալ դպրոցը ճանչցուեցաւ իբրեւ Թլկատինցիի վարժարան։ Ունէր որակաւոր ուսուցչական կազմ եւ անոր շրջանաւարտներէն շատեր մշակոյթի անուանի գործիչներ եղան։

Մեզիրէի Ազգային կեդրոնական վարժարանը հիմնուեցաւ 1892-ին, շրջանի կրթական միութիւններուն ջանքերով։ Սկիզբը անիկա արական էր, յետոյ եղաւ երկսեռ եւ մշակութային ճառագայթումի կարեւոր կեդրոն դարձաւ։ 1913-ին, հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին առիթով կոչուեցաւ Հայկական ճեմարան։ Կրթական մշակներէն եւ տնօրէններէն յիշենք Ռուբէն Զարդարեանը եւ Երուխանը (Երուանդ Սրմաքէշխանլեան)։

Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը բացուեցաւ 1881-ին, Մկրտիչ աղա Սանասարեանի նիւթական միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով։ Ունէր գիշերօթիկ բաժին եւ աշակերտներ՝ Կարինէն, դաշտի գիւղերէն, Տրապիզոնէն, Բաբերդէն եւ այլ քաղաքներէ։ Բաղկացած էր 9 դասարանէ, ունէր ուսումնական, մանկավարժական եւ արհեստագիտական բաժիններ։ Ունէր տարրալուծարան, գրադարան, հիւանդանոց, դեղարան, փուռ, ներկատուն եւ թանգարան։ Հետագային, 1906-ին հիմնուեցաւ նաեւ ուսուցչանոց։ 1912-ին անիկա փոխադրուեցաւ Սեբաստիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.