2009-11-15 13:30:28

Հակիրճ լուրեր


Հակիրճ լուրեր

Քալիֆորնիոյ Սոնոմի յուշատախտակին վրայ աւելցուած է Հրանդ Տինքի անունը:
Քալիֆորնիոյ Սոնոմի պետական համալսարանի ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին նուիրուած տախտակին վրայ աւելցուած է ոճրասպանութեան զոհ դարձած Ակօս թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի անունը։ Նոյն տախտակին վրայ զետեղուած են յանուն խաղաղութեան եւ արդարութեան պայքարող անձերու անունները։

Նոյեմբեր 10-ին, Տաւուշի մարզի Այգեհովիտ գիւղի նախկին դպրոցի բակին մէջ ականանետի չպայթած արկ մը յայտնաբերուեցաւ։ Իջեւանի թիւ 51191 զօրամասի ինժեներական ծառայութեան սակրաւորներու կողմէ արկը տեղափոխուեցաւ անվտանգ տարածք եւ վնասազերծուած է։

Կալինինգրատի մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական մշակութային կեդրոնի բացման արարողութիւն։ Միջոցառման մասնակցեցան Կալինինգրատի նահանգապետ Գէորգի Բոսը եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ աշխատանքային այցով կը գտնուի Կալինինգրատ։ Մշակութային կեդրոնին մէջ պիտի գործեն գրադարան, կիրակնօրեայ դպրոց, պատուաւոր հիւպատոսութիւն, ցուցասրահ եւ համերգասրահ։







All the contents on this site are copyrighted ©.