2009-11-15 13:30:00

Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում


Կիրակնօրեան աւետարանական ընթերցում

Կիրակի 15 նոյեմբեր Ա. կիրակի Յիսնակաց

Ընթերցում Սուրբ Ղուկասի Աւետարանէն գլուխ 11, 1- 13 համարները



1 Երբ տեղ մը աղօթք կընէր եւ աղօթքը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ անոր Տէր, աղօթք ընել սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէսը սորվեցուցած էր իր աշակերտներուն։

2 (Յիսուս) ըսաւ անոր Երբ աղօթք ընէք՝ ըսէք Հայր մեր, սուրբ թող ըլլայ քու անունդ, թող այ քու թաաւորութիւնդ։

3 Տուր մեզի ամէն օր, մեր ամէնօրուան հացը։

4 Ներէ՛ մեզի մեր մեղքերը, որովհետեւ մե՛նք ալ կը ներենք բոլոր անոնց, որոնք պարտական են մեզի։ Եւ մի՛ տանիր մեզ փորձութեան։

5 Եւ ըսաւ անոնց Ո՞վ կայ ձեր մէջ այնպիսի մէկը, որ բարեկամ մը ունենալով, անոր քով երթայ կէս իշերին եւ ըսէ անոր Բարեկամ, երեք հաց տուր ինծի,

6որովհետեւ բարեկամներէս մէկը եկաւ, որ ճամբորդութեան մէջ է եւ բան չունիմ որ առջեւը դնեմ։

7 Եւ ան՝ պատասխանէ ներսէն ու ըսէ Մի՛ անհանստացներ զիս, որովհետեւ փակուած են դռները, անկողնի մէջ են, ինծի հետ, զաւակներս, չեմ կրնար ելլել, որ (խնդրածդ) տամ քեզի։

8 Ըսեմ ձեզի, որ եթէ բարեկամութեան համա՛ր չելլէ եւ չտայ, անոր թախանձանքին վրա՛յ պիտի ելլէ եւ ի՛նչ ալ պէտք ունենայ ան, պիտի տայ անոր։

Աղօթքի ոյժը

9 (Արդ, այս) կըսեմ ձեզի Խնդրեցէք՛ եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի տնէք, բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։

10 Որովհետեւ պիտի ստանա՛ն բոլոր անոնք, որ կը խնդրեն, պիտի տնէ ան՝ որ կը փնտռէ եւ պիտի բացուի անոր՝ որ կը բախէ։

11 Ձեր ո՞ր մէկ հայրը, երբ ձուկ խնդրէ իր որդին իրմէ, ձուկի տեղ օձ պիտի տայ անոր

12 Կամ եթէ հաւկիթ ուզելու ըլլայ՝ միթէ կարի՞ճ պիտի տայ անոր։

13 Արդ, եթէ դուք, որ չար էք, բարի պարեւներ իտէք տալ ձեր զաւակներուն, որքա՜ն աւելի բարիքներ պիտի տայ ձեր երկնաւոր հայրը անոնց, որոնք իրմէ կը խնդրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.