2009-11-14 11:13:20

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Շաբաթ 14 նոյեմբեր 2009, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Սերպիայի հանրապետութեան նախագահը՝ տիար Պորիս Թատիչ, եւ անոր շքախումբը։

Հանդիպումին աւարտին Սերպիոյ նախագահը խօսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի,եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանբերթիի հետ։



Սրբազան Քահանայապետին խօսքը վատիկանի ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի անդամներուն։

Բարեսիրական աշխատանք տանողներու գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ մարդոց ճանչցնել Աստուծոյ ողորմութեան դիմագիծը։ Աստուած կ'ուզէ փրկել մարդը, պաշտպանել անոր իրաւունքները եւ արթնցնել մարդոց խիղճերը։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց աշխարհի բոլոր բարերարներուն եւ կամաւորներուն, որոնք անվերապահօրէն կը գործեն, մարդոց ցոյց տալու համար ՜՜Քրիստոսի սէրը, որ բարի Սամարացիի նման, կը ծռի օգնութեան հասնելու՝ կարօտեալի մարմնական ու հոգեւոր կարիքներուն՝՝։

Հուսկ Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ եղբայրօգնութիւնը անբաժան մէկ մասն է Եկեղեցւոյ։



Քահանայապետական անուանում – Սրբազան քահանայապետը իր հաւանութիւնը եւ օրհնութիւնը տուաւ գաղտիոյ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի կանոնական ընտրութեան, նշանակելով՝ հայր Էմիլ Նոնա՝ առաջնորդ Մուսուլի թեմին։

Նորընտիր եպիսկոպոսը 42 տարեկան է, ան իր աստուածաբանական ուսումը կատարած է Հռոմի Լատերանեան քահանայապետական համալսարանը, ապա հովուական առաքելութիւն կատարած է Ալքոշ ժողովրդապետութեան մէջ։ Ան մարդաբանութիւն դասաւանդած է ''Պապել'' ճեմարանին մէջ։ Կը խօսի արաբերէն,իտալերէն, գաղտիերէն եւ անգլերէն։ Ռահօ եպիսկոպոսի սպաննութենէն ետք Մուսուլի թեմը թափուր մնացած էր եւ կացութիւնը կը մնայ դժուար քրիստոնեաներուն համար։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու յանձնառումը - քրիսոնէութեան ներկայութեան հզօրացումը ինդերնեթ` համացանցին մէջ։

Ներկայիս Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի հաղորդակցութեան յանձանխումբի ժողովը, ունենալով որպէս բնաբան. ''իննդերնեթի մշակոյթը ու Եկեղեցւոյ հաղորդակցութիւնը'' այս խորհրդաժողովէն ի յայտ կու գայ թէ Եկեղեցին կարող չէ անգիտանալ ՜՜ինդեռնեդ՝՝ համացանցը, ու անոր դերը ընկերութեան մէջ։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ժողովական եպիսկոպոսներուն ուղղած իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ եւրոպայի եպիսկոպոսները քննարկելու՝ այս նոր մշակոյթը ու անոր հետեւանքը եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ։ Սրբազան Հայրը կ'ընդգծէ թէ Քրիստոսի հռչակումը կը պահանջէ խոր ճանաչում ինդենեթի մշակոյթին։

Հաղորդակցութեան պատասխանատու եպիսկոպոսներու գնահատումով Եկեղեցին կարիքը ունի ինդեռնեթին, որովհետեւ Բարի Լուր մը ունի հաղորդելիք համայն մարդկութեան։

Գերապայծառ Չելլի խօսքը Գուպայի իշխանութիւններուն - Եկեղեցւոյ համար աւելի ազատութիւն։ Ուաշինկթըն պէտք է վերատեսէ իր քաղաքականութիւնը Գուպայի նկատմամբ։

Գերապայծառ Չելլի` նախագահը Ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին նոյեմբեր 4-8 Գուպան այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու ու տեղական իշխանութիւններու հետ։ Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը եղաւ եկեղեցւոյ դերը հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ։ Հռոմ վերադարձին Գերապայծառ Չելլին ըսաւ թէ Գուպա այցելութիւնս եղաւ շահագրգիռ եւ հարուստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.